Նորա Պարութճեան։ ԿԷՏ Մ’ԻՍԿ ՎՐԱՆ ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ
եկուր
մեռնելէդ առաջ
գերեզմանէն դուրս ելլենք
լեռները պատռենք
նկատենք Չկան ու
գլտորինք անոր վարդեփուշին
գիրկն քաղցրիկ
ծակծկինք
հոգեվարքի հառաչանքէն սպառած
պահ մը թէկուզ
մէկ երկվայրկեան
ես ըլլանք
ե՜ս գամ
մեռնելէս առաջ
ետեւէս փակեմ գերեզմանիս
դարպասը
բացուիմ քեզի
ճիշդս բանամ
չխօսինք
փրփրինք թքած
մաս մաքուր
պարապ
անիրական
մենք մեզի
լուսապահ մը
մեռնելէն առաջ
կործանինք
կարենանք փշրիկ մը մնալ
տեւեցնել ցանկութիւնը իրարու
բառերը մեր սրբացնելու
ուղարկելու առ Աստուած
մեռնելէն առաջ
Աստուծոյ դուռը կայնելու
կէտ մ’իսկ վրան չեմ ուզեր
No comments:
Post a Comment