Monday, February 17, 2020

Նորա Պարութճեան։ Մինակը

մինակը կը շարժի

սորվածին պէս

մինակը կը խօսի

սորվածին պէս

մինակը կը խորհի

սորվածին պէս



մարդանալ կ’ուզէ

սորվածը



բայց չի գիտեր

մարդանալու՝

սորվածը ամբողջ մոռնալ է պէտք

մինակը

ինք չէ սորված մոռնալը

մոռնալ սորվիլ

սորվիլ մոռնալ մինակը

կը տառապի դառնապէս

միս-մինակը

եւ այս անգամ պիտի սորվի

կանգուն մնալ թերեւս կէս-մինակը

պակասաւոր

անդամահատ

կիսատ-պռատ մինակը

ու պիտ’ մեկնի

թեւին տակ ինքզինք շալկած

սորվածին հետ

մինակը

No comments: