Monday, June 23, 2014

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: 74 ԹԻՒ ՆԱՒԸ



Ա.
Թարթիչներուդ ծայրը կաթիլ մը սէր
  կեանքը մերթ տերեւի մը չափ թեթեւ
    մերթ տերեւի մը չափ ծանր էր
Թարթիչներուդ ծայրը կաթիլ մը սէր
  կեանքը մերթ սկսած կէտին վրայ կը վերջանար
    մերթ վերջացած կէտին վրայ կը սկսէր
Թարթիչներուդ ծայրը կաթիլ մը սէր

Բ.
Քիլիոսի ծովափը աւազներուն վրայ
Արեւը դեռ չէր ծագած
Դուն մազերդ հովուն տուած կը վազէիր
Կակաչի մը նման մերկ
Շուշանի մը չափ անբիծ
Մինչ արեւը կը ծագէր Կիւմիւշտէրէի – Քըսըրքայայի վրայ
Ծովը գոյն կը փոխէր
Ալիքներու – եղէգներու – ճայերու համերգը կը սկսէր
Եւ դուն սէրս հագուած կը վազէիր
                          կը վազէիր
                          կը վազէիր դեռ

Գ.
Խարտեաշ աշուն մըն էր
Արնավուտգիւղի նաւամատոյցէն 74 թիւ նաւը կը մեկնէր
Կը ճեղքէր ծովը – դիմաց կ՚անցնէր
Գանտիլլիի աղբիւրին քով ձկնորսները ուլականջ կը մաքրէին
Չէնկէլգիւղի հսկայ սօսիին տակ
Ճնճղուկ մը կապոյտ սիրերգ մը կը հիւսէր
Դուն մազերուդ մէջ ռեհանի ծաղիկներ
Հեռացող նաւուն կը նայէիր
74 թիւ նա՞ւն էր – թէ ոչ մեր կեանքը ու կը սահէր
Նաւը կ՚անհետանար – փրփուրները կը մնային
Փրփուրներ ռեհանի ծաղիկներու նման
Փրփուրնե՞ր էին – թէ ոչ յիշատակի բեկորներ
Բիբերուդ խորը կարօտ մը կը թանձրանար

Դ.
Թարթիչներուդ ծայրը կաթիլ մը սէր

Թարթիչներուդ ծայրը ես առաւել դուն

Sunday, June 22, 2014

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԱԼ



Արեւը ողկոյզ-ողկոյզ կը թափէր մեր վրայ
Մինչ մենք
Հողին վրայ ծիլ – ծովուն մէջ արծաթ էինք
Որկէ կուգայինք – ուր կ’երթայինք
Մեր դարաւոր գոյութեան
Լուսաւոր հետքերուն վրայ կը քալէինք
Ալ մի փնտռէք մեզ – այն ծովափը
Ուր օգոստոսեան արեւներու մաղը փռուած է
Ալ մի փնտռէք մեզ – այն զգացումին մէջ
Ուր ճարճատուն քերթուածի մը տողն է առաջին
Ալ մի փնտռէք մեզ – պիտի երթանք
Մեր ինչուներով խանդավառ
Մեր ինչպէսներով գինովցած
Ալ մի փնտռէք մեզ
Բանաստեղծները կորսուեցան – պիտի ըսէք
Թէ ինչպէս եղաւ – պիտի չգիտնանք
Անձրեւը պարան-պարան կը տեղար մեր վրայ
    մինչ մենք սեւ գիշերուան մէջ աստղ
    սրտերու մէջ լոյս էինք
                    յոյս էինք
Մենք
  սեպ ժայռերու վրայ ովկիաններու իշխող փարոս
  սեղաններու վրայ հաց ու գինի
  երակներու մէջ արիւն էինք
                   աւիւն էինք
Ալ մի փնտռէք մեզ
   նոր ովկիաններու
   նոր երազներու
       սէրն ու կարօտը մեր սրտին
       անվերադարձ ճամբաներու մէջ ենք հիմա
Ալ կը բաւէ
   ալ դուք
   դուք
       ծունկի եկէք
        մեր դարաւոր գոյութեան
        լուսաւոր հետքերուն վրայ

Saturday, June 21, 2014

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ԼՌԵՑԻՆ

Հրթիռով մը
- Ինչպէս գտաւ մի հարցնէք -
Տիեզերքը պտտեցաւ
Մոլորակէ մոլորակ
Հրեշտակներու հանդիպեցաւ ճամբան
Բարեւեց զանոնք
Հրեշտակները երգեցին
Ինք լռեց
Հրեշտակները լռեցին
Ինք երգեց
Երջանկութեան վրայ
Խաղաղութեան վրայ
Երազած աշխարհներու բոլոր երգերը
Երգեց ու երգեց
Սակայն մոռցաւ երգել
Ներկայ աշխարհի երգը
Առանձնութեան վրայ
Յուսախաբութեան վրայ
Ներկայ աշխարհի բոլոր
Բոլոր երգերը

Friday, June 20, 2014

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ՆՄԱՆ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԷԻՆՔ ԼՕ


Հալիքարնասի քարայրին մէջ - ոչխարի մորթի մը վրայ
Սիրոյ քերականութիւնը սերտեցինք վանկ - վանկ
Մինչ ածուխ մազերուդ դեռ մկրատ չէր դպած Լօ
Շրթներէդ խնձորի բոյր մը կը տարածուէր ալիք ալիք

Բաբելոնի պարտէզներուն մէջ պանանները ողկոյզ ողկոյզ էին
Մինչ գորշ ձիթենիներու վրայ հրակէզ արեւ մը կը ծագէր
Եփրատի եզերքը երկու տատրակի նման
Արմաւենիներու տակ տաւիղի մը նուագով կը գինովնայինք

Աղեքսանդրիոյ մէջ մանիշակագոյն զեփիւռ մը կը փչէր
Ոսկի բաժակներէն սիրոյ նեկտարը կ՚ըմպէինք Լօ
Մինչ Միջերկրականը մեր ոտքերուն տակ կը մահանար փրփուր փրփուր
Եւ դարերու անհունը կը շոգիանար տարփանքի բոցերուն մէջ

Աննման գարուն մը կը ծաղկէր Կրետէի երկնակամարին տակ
Եւ լուսինը մացառներուն մէջէն աչք կը քթթէր
Մինչ Քնոսոսի պալատին սիւներուն տակ
Մեր սէրը անթառամ հէքեաթ մըն էր Լօ

Կղէոպատրայի գերիները քար կը կրէին բուրգերուն
Մինչ ես քու գերիդ - մազերուդ կառչած չէի ձգեր քեզ
Ճակատագիրս ճակատագրիդ փակցուած
Սիրտս քեզի համար կը տրոփէր - արիւնս քէզի համար կ՚եռար Լօ

Բայց դարերը ծիծեռնակ եղան թեւածեցին - անհետացան
Վարդի թերթիկ մը դարձան թառամեցան - ոչնչացան
Դուն անմահութեան - ես մենութեան հետ գլուխ գլխի մնացինք
Մինչդեռ հորիզոններու նման անսահման էինք Լօ

Օր մը անապատին մէջ արմաւենիի մը տակ
Պանդուխտ սրինգի մը դալկահար ձայնը երբ լսես
Այս բոլորը գոնէ պահ մը յիշէ - եւ յետոյ
Հորիզոններու նման անսահման երազ մըն է եղեր - ըսէ Լօ

12. 5. 1969