Դանիէլ Վարուժան: Երեք Քոյրեր
Անոնք երեք քոյրեր էին
Նըման երեք Շընորհներուն.
Երեքն երեք ուխտեր ըրին
Առչեւն երեք բագիններուն:
Երէցն ըսաւ.- «Դի՛ք կայծակի,
Քե՛զ կը ձոնեմ մազերս ոսկի:»
Միջնեկն ըսաւ.- «Ըզգա՛ստ Հիմէն,
Քե՛զ կ՚ընծայեմ մատնիս հրեղէն:»
Կըրտսերն ըսաւ.- «Վաւա՛շ Աստղիկ,
Ա՛ռ իմ կոյսի գօտիս ծաղիկ:»-
Ո՛վ որ մազերն ձօնեց Զեւսի՝
Եօթը ազգի եօթ խոյր կապեց
Գահին վըրայ Արտաշէսի:
Ո՛վ որ մատնին տուաւ Հիմէնին՝
Եօթը չըքնաղ հերոս ծընաւ
Գերահըզօր Հայաստանին:
Ո՛վ կոյս գօտին մէջքէն ձըգեց՝
Ան՝ տառապեալ քոյրը եղաւ,
Եւ շուկային մէջ նուռ ծախեց:
Դանիել Վարուժան «Հեթանոս երգեր»
No comments:
Post a Comment