Ռուբէն Որբերեան: Գիւղիս Ճամբան
ԳԻՒՂԻՍ ՃԱՄԲԱՆ
Կեանքի նաւակն հետք չի թողուց իր ետին,
Մոռացումը առա՛ւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կփանհետին,
Յիշատակն ալ կփանցնի երգի մը նման…
Հոգիս սակայն կը յիշէ՛ քեզ,
Ո՜վ ծաղկաւէտ գիւղիս ճամբան,
Ուր քալէինք գառնուկս ու ես,
Դէպի պուրակն ու բուրաստան,
Անմեղութեան երազին պէս։
Ու քովիկէդ դողդողագին
Սահէր աղուոր վճիտ առուն
Մերթ կամուրջին ու մերթ մարգին
Տակ պահուելով կ՛երթար հեռուն,
Ամայութեան իբրեւ ոգին։
Բարակ, նիհար, քանի մը ճիւղ
Կը զատուէին վտիտ բունէդ,
Մին՝ կը դիմէր դէպ՛ անշուք գիւղ,
Կը տարածուէրշ կ՛ըլլար անհետ,
Բոլորելով խրճիթն ու հիւղ։
Մին՝ մագըլցէր բըլուրն ի վեր,
Միւսը կ՛իջնէր ձորակէն վար,
Ուր ուռենին կու տար ստուեր,
Ուր սըրինգն իր երգը կուլար,
Զոր կրկնէին գարնան հովեր։
Ձմրան ալ երբ ձիւնն սպիտակ,
Կը գտնէր մեզ շուրջ թոնիրին,
Անհետ կ՛ընէր իր ծալքին տակ
Մեր հին գիւղին վտիտ ուղին,
Ինչպէս մարգերն ու մանիշակ։
Տաշուած քարէ, ուղիղ ճամբան
Կը տանի զիս արդ ի ծովափ,
Կը ճմլըոի հոգիս սակայն,
Մըտածումով մը հըրատապ,
Ու կը թռչիմ հին մանկութեան։
Հոն՝ փակ թէեւ՝ սակայն աղուոր
Ու երփնագե՛ղ էր հորիզոն,
Հմայքներով լի բիւրաւոր
Անմեղութի՛ւնը խայտար հոն
Ճամբուն վրայ ոլոր մոլոր։
Մին՝ մագլցէր բլուրն ի վեր,
Միւսը կ՛իջնէր ձորակէն վար,
Ուր ուռենին կուտար ստուեր,
Սրինգն ալ իր ե՛րգը կու լար,
Զոր կրկնէի՛ն գարնան հովեր։
Կեանքի նաւակն հետք չի թողուց իր ետին,
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին,
Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի՛ մը նման…
Իզմիր
Ռուբէն Որբերեան (1874-1931)
No comments:
Post a Comment