Գէորգ Թեմիզեան։ Բանաստեղծութիւն՝ Ուշացած Քերթուածի մը Համար
Click to hear the audio clip of today's poem read by Lola Koundakjian.
Բարեւ ձեզ,
Ես եկայ, հոգ չէ,
Քիչ մը ուշ,
Որովհետեւ սպասեցի որ հասնիմ
առօրեայ խօսակցութեան
մակարդակին՝
Ձեր տան ու գաղտնի կարծուած երազներուն...
Սխալ չհասկնաք,
Բառերը ուրիշ իմաստ չունին,
Ոչ ալ անոնց ետին
Խորհուրդ կայ
պահուած.
Օրինակ՝ երազները՝
Ըսել ուզեցի գիշերային
Կամ ցերեկային ձեր երազները,
Ո՛չ աւելի
Ո՛չ պակաս։
Սպասեցի որ խօսելու պէս գրեմ
Գրելու պէս շարժիմ
Եւ շարժելու պէս գրեմ
Ձեզի...
Պէտք չկայ իմաստութեան,
Որովհետեւ եկած եմ միայն ըսելու՝
Բարեւ ձեզ,
Կամ՝
Բարի լոյս,
Որ լոյսով հանդիպինք իրարու՝
Ուր որ կ՛ուզէք,
Սակայն պիտի չըլլայ սալոնի մը մէջ,
Ուիսքիի կամ օղիի
սեղանին շուրջ,
Ո՞ւր որ կ՛ուզէք,
Կարեւորը՝
Նստած կամ քնացած չըլլանք,
- Նոյնիսկ մութին մէջ -
Աշխատանքի՝
Կամ
Բան մը ընելու ատեն,
Բան մը շինելու,
Քանդելու ատեն,
Դպրոց կամ գործի,
Ցոյցի կամ ճակատ
երթալու ատեն,
Երբ որ պատրաստ էք
Բարեւ ըսելու,
Բան մը ընելու
Բան մը քանդելու -
Շինելու ատեն,
Շինելու ատեն,
Շինելու ատեն...
Բարեւ ձեզ,
Նախ ըսեմ,
Որ մինակ չզգաս,
Տաքնաս շունչով իմ լուռ բարեւիս,
Չերթաս մանկութեան անապատներուն,
Մահուան հետ կրկին չնստիս խաղի՝
Որպէս առանձին ու անզէն զինուոր.
Ճակտի գիր ըսիր՝
Ուրֆայէն...Տէրզօր
Տէրզօրէն Հալէպ...
Սակայն բառ չունիս
եւ բացատրութիւն՝
Հեռատեսիլի
Թիւ 10-11 կամ 12
Կայանին փակած.
Այնթապի կայանն ի՞նչ ունի տալիք
Բացի հատնելու
Բան մը չընելու
Բութ-լեղի համը
Մինակութեանդ...
Երանի իրաւ մինակ ըլլայիր,
Չունենայիր քիթ,
Չունենայիր պեխ,
Պատմութիւն կռուի՝
Բազուկ հարուածող,
Չունենայիր տուն,
Չունենայիր հող,
Չըլլար հայրենիք,
Չըլլային թոռներ՝
Ամէն տեղ ցրուած,
Որ այսպէս մինակ
Մինակ չըզգայիր...
Այնթապի կայանն
ի՞նչ ունի տալիք այս մինակութեան։
Գիտէիր սակայն որ այդ կռիւը
Չէր կրնար այսպէս
Սպառիլ,
Հատնիլ,
Կայան թիւ 10-ի կամ 12-ի մօտ.
Չէր կրնար հատնիլ,
Բան մը՝
Տեղ մը,
Սխալ մը կար,
Ու անոր չափ,
Անկէ ուժեղ,
Կեանքի հեւքին,
Առօրեային
Մօտիկ -
Մօտիկ
Բարեւ մը կար
Ու բան մը կար,
Բաներ կային
Շատ ընելիք
Համտեսելիք,
Շարունակող... շարունակուող՝
Տեղ մը,
Դի մը,
Բարեւ բերող-
Կռիւ բերող
Խենթ,
կռուազան
տղայ մը կար,
Որ պիտի գար
Հալէպ քաղաք,
Հացնէր Տէրզօր
եւ Ռասիւլայն,
Ըլլար բառը եւ շարժումը ամենօրեայ
Ասդին - անդին ցրուած... կորսուած
մեր քայլերուն,
Ու թափ առնէր արձակուելով՝
- Յստակ - ուղիղ
Թիրախին...
ՇԱՐԺՈՒՄ
Հալէպ 1983
Գէորգ Թեմիզեան
Kevork Temizian (1945-1999)
This poem has appeared in Volume 1 of Yert, the Syrian-Armenian Writers Association's annual publication.
No comments:
Post a Comment