Thursday, December 03, 2009

Սագօ Արեան: Անձրեւ Նոյեմբերի

Տանջուած անձրեւ Նոյեմբերի,
Ե՞րբ պիտի սրբես վէրքի թաղանթի վրայ գոյացած արցունքը եւ վերադառձնես զիս դէպ իմ ճանապարհ
Անձրեւ բարի ու ռիթմիկ, ինկող անձրեւ նման տերեւի Թաւալքին որ կը հպուի Նախնեաց հողին...
Զի արմենիան հող Ա
....
Ես չեմ կարող
...
Ես չեմ կարող հետ այսու լռութեամբ նայիլ ու խածնել Վէրքին ցաւը...
Աղ Ու կերկեր...
Սրբոց խորանին ու մուշկ ինչպէս,
Ցաւերէն յառնող մարմինն իմ ահա,
Ո՜հ անձրեւին վերջին հեռացողները
Եւ դռան թակուիլը ուշ լռութեան մէջ...
Բոլոր ընկերներս շարուած
Ու ես կանգնած, հաղորդութեան մասնիկ տալու
Ես անաղօթքս ու անսուրբս
Մարմնէս կ՚աճին թեւեր ու կը սրբեն դռան ճակատը.
Կը սրբեն զիս
Հոկտեմբերի դժգոհ սուլոցներէն ...
Անձրեւին հետ հաշուի նստելու եւ մաքրուելու ...Անձրեւին հետ
Կտոր մը սեւ հաց,
Շիշ մը գինի,
Հին բանաստեղծներուն վէրքին համար,
Իբրեւ մասունք եւ մատեան աղօթքի.
Սա հեթանոս պահերուն,
Իբրեւ վերադարձ մեծ ճանապարհներէն ...
Ամբողջ գոյութեան մը շաղկապը ուղեղիս Մասնատու’ին մէջ
Ու ՃԻՆՅԸՍ մկնիկին աչքերուն շըխկոչը...
Հէ՜յ գիտի ֆէսպուքեան ընկերութիւն
Դեռ չտեսանք կենացը
Դեռ չտեսանք մերկութիւնը գինիի տակառներուն վրայէն քալող Էգերուն
Բայց կիսաքանդ դէմքեր ու կարմիր մորուքներ ֆըըշշշշշշշշշշշշդ սանկ օդանաւի պէս կը սուրան
Վահան թամարեանի խենթութիւնը ուր մնաց
Ուր մնաց կիրակնօրեայ աղօթքը իմ հեթանոս Եղբայր
Ու հարք մեծաց մեղաւորաց,
Ուր մնաց գրաբարեայ կարկանդակը
Ուր մնացին սաղմոսներուն մարմնէն հոսող խունկը
Շատ է այս վերադարձը ինծի,
Թանկ է այս վերադարձը ինծի,
Վերադարձ գրաբարեայ մանկութեան,
Ուր պուրճ համուտի սրտէն ծորող
Մեր պատմութիւնները աղօտ, կը մտաբերեմ մայթին մերկացած խոնաւասէրներուն հետ ...
Թագաւոր ու մանուկ, որ ձեռաց խաչով կը մկրտես առնո պապաճանեանի երկարող քիթէն դուրս վազող խազը մեղաւոր ...
Ու տաքդեղ Կապոյտ քսուկ որ կը ‘արուիս ուսերուս մարելու համար հայ—թուրքական թուրք—հայկական ինչ որ անօրինակ վկայութիւն մը, որուն դեռ վարժ չէ մարմինս....
Ի՞նչպէս մարել արցունքին հրդեհը
Ու լուսոյ մելանով գրել պատերուն վրայ,
Առանց լուսանկարներու
Առանց ֆոթոշո’ի գիւտերուն, առանց ոչինչի...
Գիտեմ, մեր մէջ կը բնակին հին ցաւոտ կայաններ ...
Որ գիտեն պոռալ...
Երբ նոյեմբերի անձրեւէն ուրախացած երկիրը տաք կը խլրտայ մեր ոտքերուն տակ։
Ու խխունջի ‘ոխարէն արցունքէ մորուքաւորներ,
Լուսէ վերարկուներ հագած կուգան ճամբան եզերելու ...
Արթուն պոեզիայի պահն է ասիկա...
Արթուն ու վէրքին դէմ դնող հասարակաց կարմիր գիծին երկարութեամբ...
Ռեհի գիծին երկարութեամբ...
Երբ արեւածագին բոլոր շնչաւորները կը նային դէպի վեր..
Կը նային դէպի խորունկը..
Կը նային հողի խորունկներուն մէջ թաղուած յիշողութեան կարասներուն ...
Հոն է,
Այն է պահը մեծ երանութեան,
Անձրեւէն ետք, սորվիլ ու մաքրել հոգին հողէ կտաւներով ...
Որ քնանաս երկ՜՜ար հողը գրկելու ...
Բոլոր երակները կը ցցուին դէպի վեր ...
Եւ կը խայտայ երկիրը գրկելու մեզ
Ու առաջին շողքերը արեւու։
Այս ամէնը կարիք չկայ լուսանկարներու...
Աշխարհը պիտի ծիծաղի ցաւին համար...
Պիտի խնդայ ցաւին համար.
Պատճառը մենք ենք...
Վեր առէք ձեր ձեռքերը...
Ու մատները բլթակներուն...
Ահա սպիտակ ձիաւորը կ՚անցնի
Ու Հոկտեմբերի արցունքը կը քարանայ
յանժամ ...
Դադրեցուցէ՛ք աղօթքը .
Մինչեւ երբ պիտի չհաւատանք մեր երակին։
Աղօթքի դարերը պրծան,
Աշխարհ մէջքով տուած կը սուրայ
Իսկ մենք դեռ նոյեմբերի անձրեւներուն տակ Խխունջ կը հաւաքենք.
Կը սպասենք որ մաքրուի մեր հոգին..
Բայց ի՞նչէն մաքրել զայն։
Մեր գիրն է ատիկա
Ճակտի գիր,
Մեծ մօրս ճակտին խորշոմած ու սուրբ,
Անզուսպ
Իմ հայհոյանքներուս դիմաց ու կողքէս քալող իբրեւ պահապան...
Իբրեւ պահապան։
Մեր գիրն է ատիկա
Ճակտի գիր։
...Մտէք ներս Նոյեմբերի անձրեւէն,
Մտէք ներս։


Սագօ Արեան

No comments: