Saturday, December 19, 2009

Գէորգ Գալայճեան: Ա՜ Ա՜՜ Ա՜՜՜

  
Առաւօտեան արեւը ողողած էր պայծառ՛ կապոյտ
Երկինքը՝ գործի մղող ջերմութեամբ:

Մինչ սիրտդ, վիրաւոր թռչունի մը արիւնոտ
Կուրծքին պէս կը բաբախէ յուսահատ:

Ի՞նչ է այս ցաւը, որ դուն քեզի կու տաս
Սիրոյ խաբկանք մը ունենալու համար,

Որո՞ւն համար կը բաբախէ վիրաւոր թռչնակին
Կեանքի համար կռուոծ սիրտը՝

Մինչ փետուրներուն վրայ իր արիւնը կը լերդանայ
Ապրելու, սիրելու, սիրուելու կարօտով:

Այս վէրքով չէ՞ որ մարդիկ հաւատք կը կերտեն,
Իրենց ներաշխարհը յուսադրելու համար,

Ու փարթամ տաճարներ կը կառուցեն աղօթելու,
Սփոփուելու, սորվելու և հաւատալու.

Հաւատալու բանի մը, որ պէտք է գոյութիւն
Ունենար կարծեցեալ ճշմարտութեան մէջ,

Ու պահ մը, գոյութիւն ունէր կարծես, իրականէն
Աւելի ճիշդ յատկութեամբ մը կախարդական:

Տեսիլքի մը մէջ անբացատրելի, անվերապրելի,
Անյիշելի, միայն արիւնով զգալի:

Բայց ներկային մէջ այսօր, իրական և ճշգրիտ
Ի՞նչպէս կարելի է զգալ, կամ յիշել:

Ի՞նչպէս կարելի է ճեղքել արեւուն գործի մղող
Ջերմութեան ճառագայթները իրատես,

Երբ մանաւանդ շողերուն մէջ արեւուն
Որոշապէս տաք ու յստակ,

Վիրաւոր սրտերու արեան կաթիլներ կը լերդանան
Սրճագոյն ցոլացումով մը աղտոտ,

Գոցռկարմիր վիշտով մը խորունկ, որուն նողկանքը
Ճանճահրապոյր հրաւէր կը ճաճանչէ:

Ելի՛ր եւ նոր առաւօտ մը տիմագրաւէ այս կսկիծով:

Քալէ՛, եւ նոր աչքեր փնտռէ այս սին ցոլքերով:

Աշխատէ՛, եւ նոր կեանք կերտէ այս արեան շաղախով:

Բայց դուն կրնաս, եթէ կը հաւատաս հզօր, հնաբոյր
Աստուածներուն Խալտեան:

No comments: