Բիւզանդ Թօփալեան: Երկիրներ
Հոս՝ արեւի ոսկեզօծումն անարատ
Կը պարուրէ, լուռ կ՛այրէ քարերն հսկայ ճակատին
Միջնաբերդին Հալէպի։
Գետնարած միջոցէն վեր՝ լայնօրէն
Այրող բոցեր հեռաւոր,
Ու անդրադարձ ճառագայթ՝
Հոգիներուն մեր կը բանան յաւերժակա՛ն կեանք մը խոր։
Մտի՛ր ու լուռ՝
Հսկայական կամարէն այս դռներուն
Աստղն ուղեղիդ բարձրացո՛ւր
Բարձունքներուն առասպելին մարդկութեան…։
Ճամբաներէն բազմաճիւղ
Դարերն այստեղ կ՛ամփոփեն անապատներ ու լեռներ
Մարդկային շունչ հեւացող, բազմութիւններ անկայան։
Ճամբաներէն բազմագոյն
Կեանքի նորոգ տարածութիւն մը հիմա
Կ՛անցնի ինչպէս հազարամեակ մ՛երկարող։
Հացարամեայ տարածութիւն մը անծանօթ
Կը հեղեղէ որմափակերն այսօր ալ
Ու կիսափուլ խոռոջներէն աչքեր խոր
Կը հսկեն դեռ աղեղն իրենց պրկելով…։
Հողմեր անսանձ ու վայրի, լարերու վրայ տարածուն,
Անապատի ծովերէն կը յարուցեն ալիքներ
Ու ղօղանջներ յարըմթաց…
Անապատի ծո՛վն ահա… ու տարիներն ահաւոր,
Անհետացած ըստուերնե՜րն մարդկային գորշ ձեւերու…
Մարդկային գորշ ձեւերու փոթորկավար անցքը դեռ…
Քաղաքն ահա, խուլ ու խոր…
Հարթաքանդակ ապառաժ, ու փոշիի, արեւի բարկ շփոթումն…
…Խելապըտոյտ բարձրութեան հազիւ աչքերդ հետեւին
Կու գան յանկարծ տեսիլներ, արծուաթեւի շառաչիւն
Ու դիւթախաղ անհունի բիբերուդ մէջ թրթըռալ…
Ու փշրըւած ճակատէն դիտարանին երկնալսաց
Ճառագայթներ կ՛իյնան վար ու միավանկ հնչիւններ…
Ու միայնակ՝ միջոցին մէջ ես հիմա
Հանդիսատես՝ ունկնդիր տիեզերքի ձայներուն
Մինչ ձեռքերուս կը թափին դարերու շունչն ու փոշին
Կամարներէն կենդանի,
Ուր օձադրոշմ քանդակներ արաբական տառերու
Կը փաթթըւին համբոյրով՝ բերդաբընակ օձերուն,
Ուր՝ մութ բառեր կը ստանան կենդանութիւն
Կը դողան՝ իմաստալից ու խրթին լրութեամբ,
Ու քարերէն արձանագիր, անկիւններէն փոշեպատ
Դեռ կը շարժին էջ առ էջ դիմաստուերներ յաղթական։
Հազարամեայ միջոցներ բախեցան այս դռներու
Դըղըրդացող զանգուածին,
Ու ոտքիդ տակ դողացող այս քարերը ապրեցան
Անյիշատակ դարերու գեղեցկութիւն որ սարսափ…
Եփրատի ձայնը երբեմն ու փրփուրներն հեւացող
Նժոյգներուն քաջատրոփ,
Ու կիլիկեան իշխարններու սլացումն
Ու Հեթումի ձայնը դեռ…
Լսե՛նք այստեղ, ծանրանիստ մուրճերն հիմա կը դարբնեն
Պատմութեան էջ, արիւնի հէքեաթ, քանդակ առ քանդակ…
Ու տակաւին խելայեղ՝ արեւահար ռազմիկներ
Կուրզերն իրենց կը շարժեն դարերուն դէմ յաւիտեան…
«Արեւագալ»
1932
ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Ա. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 11, Փարիզ 1939.
No comments:
Post a Comment