Saturday, December 12, 2009

Թորոս Ազատեան։ Մահաշուք Կղզին

ՄԵԾԱՐԵՆՑԻ յիշատակին

Բայց ո՞ր ուղին էր արդեօք, ուրկէ անցար հէ՛ք քերթող,
Վերջին անգամ, յուսաբեկ, դէպի հիւղակըդ անշուք.
Ո՞ր նոճին էր ըզգայուն, որուն մարմինն ինկաւ դող՝
Քու հեւքըդ երբ տըւաւ իր սաղարթներուն սըրսըփուք։

Բայց ո՞ր տեսիլն էր արդեօք-ծովո՞ւն, կապոյտ եթերի՞ն
Թէ խարակէն փըշրուած նաւակի մը ուրուային -
Զոր ակնարկըդ ընդունեց վերջին անգամ, հըծծելով
Հըրաժեշտի մեղեդին՝ անանձնական բարբառով։

Աչքերդ թաց, կ՛որոնեմ հիւղն այն տխուր, թաքթաքուր,
Ուր ոսկի սիւնը փըլաւ իր տաղանդին արքենի,
Ուր զենիթէն մայր ինկաւ յանկարծ արեւը երկնի…

Ու չե՛մ գտներ։ Կը թըւի գերեզմաննոց մը թափուր
Դալարածուփ այս կղզին, ուր բերնին մէջ հովերուն
Կ՛եղերերգեն անընդմէջ յուշեր, վիշտեր անանուն…։

1936


ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941



ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941

No comments: