ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ
Գ.Մ.Գ.Մ.-ի Դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2012-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ՛ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ, կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ Հայ Մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է Դատակազմին հասած ըլլան ամենաուշը մինչեւ 31 Մարտ 2012:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա¤մեքենագրուած, բ¤երեք օրինակով, գ¤խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Դատակազմին մաս կը կազմեն՝ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալիեմէզեան, Տիար Պեպօ Սիմոնեան (ատենապետ), Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան (ատենադպիր), Տիար Ժիրայր Դանիէլեան եւ Տիար Կարօ Յովհաննէսեան:
Դիւան Գ.Մ.Գ.Մ.-ի Դատակազմի
Դատակազմին հասցէն.-
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box 70317
Antelias – Lebanon
e-Mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Ծանօթ։ Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր։ Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագրի լեզուին եւ ուղղագրութեան։
Խնդրանք։ Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել։
No comments:
Post a Comment