Արամ Քէթէնճեան: Ճշմարիտ Հայը
Մինչեւ
ե՞րբ պիտի նիւթեն դաւերը,
Մշտավառ
ջահի լոյսն աղօտելու,
Նուիրեալ
հայու գործն արատելու,
Նոյնիսկ
թիկունքէն դաշոյն խրելու:
Անոնցմէ,
աւա՜ղ, ազգի ուսն ելած,
Հայրենասէրներ,
սակայն՝ երեսանց,
Հաւատացեալներ,
բայց անգութ ու նենգ
Եւ ճշմարիտը
հերքած, անտեսած:
Ազգասիրութեան
անունին ներքեւ
Անոնք
ամրակուռ պատը կը քանդեն
Ու հետզհետէ
դողդոջուն ձեռքով՝
Հայուն
վախճանը սեւո՜վ կը գրեն...
Իսկ երնէ՜կ անոնց ու բի՜ւր օրհնութիւն,
Ովքեր
կ՛ընդունին Եկեղեցին՝ տէր,
Հայրենիքը՝
վեր, Ազգն անհատնում սէր
Եւ իրենց
եսը՝ ուրիշին ընկեր:
Արամ Քէթէնճեան
- Մարտ 2012
(Նախապէս
անտիպ)
No comments:
Post a Comment