Wednesday, January 28, 2015

Զոհական։ Եղեւիններ

Երկու կապոյտ՛   ծով եւ երկինք. խարակ մը սեպ, կամրաթոյր. 
Լանջքին՝   երկու եղեւիններ յամառօրէն ամրակուռ. 
Թեւատարած բարկ արեւի գրգանքին տակ, տենդագի՜ն
Իրենց շուքով, իջեր են ծով ըմպելու դողն ալիքին։

Ո՞ր անծանօթ ձեոք, կտուցէն ո՞բ մէկ թոչուն շնչահեղձ
Անհիւրընկալ այս բարձունքին՝   գոյգ մը հունտեր վար ձգեց… 
Ծուէն մը ամպ՝  խլուած սարէն, լուսնի արցունքն անապակ՝ 
Բացին ծիլեր, եւ շէկ շողեր տուին անոնց թեւ, հասակ։

Ո՜չ մէկ ագռաւ կը խիզախէ թառիլ անոնց կատարին
Կը տեղայ հո՛ւր արեգակն հոն ու կատաղի՜ է քամին,
Աղկիոններ յանդուգն հագիւ կը բանան թեւ, մահախռով 
Կեղերջելու թէ օրն հատած՝   կուգայ  գիշերն, անդոհո՜վ։

Անոնք՝ անհաս մարդէն, գիտե՛ն մարդն իր յոյսով խաչակիր
Կ՚անցնին շուքերկ՚անցնին գոյ գե՜ր ցանած  մհրթ վարդմերթ մոխիր 
Շիջումին տակ ասուպներուն կը լսեն ճիչն անձկայրեաց 
Յուսահատին, ճողփիւնովն հուսկ նաւակէն վար թողլքուած։

Բայց անգիտա՜կ մահուան ճախրինգարհուրանքէ ձերբազատ
Կը տրոփեն անոնք անդուլ, կ՛այտնուն հոյզով լիառատ
Կ՚առնեն ճաճանչ, կուտան զմրուխտ, ձի՜գ դէպի վեր կը մղեն 
Կանթեղներ փակ՝  իրենց ծոցին գրկած սաղմեր լուսեղէն…։

Հրդեհե՜ր է, բուստի՛ կարմիր, խարակն համակ, կենսալի՜ր։
Թէ գայ ձմեո, ձիւնամրրի՜կ, աւիշն անոնց չի սառիր. 
Կատաղութիւնն երր մութ ծովուն կաբկառի վեր խութերէն
Հազիւ ցօղուած, բաշերն իրենց հպարտօրէն կը թօթուեն:

Զո՜ւր տարափներ կը յամառին րանալ հերձերամբածոց
Արմատներու կարժերուն դէմ կը խորտակի թափն անոնց,
Ջե՚ն աժգունիր թէ սպառնայ որոտն ահեղմահացու, 
Մշտադալա՜րխոյանքն ունին յաւերժօրէն ապրելու…։

Երանութի՜ւն զմրուխտափաոբարձրագիսակ այս զոյգին
Երանութի՜ւնչըլլա՛յ , մաշա՜ծաւերներու սուգն հագնին
Նման մարդուն գիտակցութեամբ իր մշտապէս տաոապող՝ 

Չըլլա՜յչըլլա՜յ փակեն իրենց Օր ու Երազն ոսկեշող…:




Զոհական, «Աստուած հպարտ», 1956

No comments: