Thursday, January 29, 2015

Զոհական։ ՕՐ ՄԸ ԵԹԷ . . .

Օր մը եթէ, Տէ՛ր, չկարենամ ա՛լ՝
Թիւերու հանգոյցն այս քակել, բանալ,
Կամի՛ր որ երթամ գետափն աւազուտ՝
Գէթ խիճեր համրել թիւովն աստղերուդ։

Օր մը եթէ, Տէ՛ր, ալ ընդարմանամ՝
Գործելու անկար ես դողդոջ , զառամ,
Թոյլ տուր այցելել դեղձան կալն՝ հեռու՜ն,
Դիտելու աշխատ մշակն ու մրջիւն:

Ու օր մ՚եթէ, Տէ՜ր, դատես զիս անպէտ
Երազի խաղի պատրանքներուս հետ,
Շնո՜րհ՝ որ ըլլամ մութ անդունդէդ վար
Մութ խորշ մը լուսող շողիկն ոգեվար… :


Զոհական, «Աստուած հպարտ», 1956

No comments: