Thursday, January 08, 2015

Մատթէոս Զարիֆեան։ Խաղաղութիւն

Դեռ կը հևամ.
Դեռ մահամերձ վարդերու պես տժգոյն եմ.
Հոգիիս մէջ, դեռ գիշերը Տառապանքին
Հսկայ բուի իր թևերը կը փռէ...
Բայց արդէն իսկ կապոյտ լեռնե՜րն են ահա,
Զոր երազեր եմ երկար.
Կապոյտ լեռնե՜րն, ու իրենց վէս կողերն ի վեր
Լռութի՜ւնը անրջական՝
Որուն համար արցո՛ւնք թափեր եմ երկար,
Երբ պատանի հոգիս մինակ կը մնար,
Մութ գիշերներ, աստղերուն տակ...

Մատներըս դեռ կ’արիւնին.
Ի՜նչ դժուարին վերելք էր այս,
Ապառաժէ ապառաժ,
Վիշտերու բեռը ուսիս...
ու ահա մութ, կապոյտ լեռնե՜րն են, իրաւ,
Շքեղ՝ ինչպէս մերկ հոգին,
Թէև տժգոյն ու հեռաւոր տակաւին...
Գիշեր չեղած՝
Ինչպէ՞ս նայիլ ամբաւին...

Բայց այս յուզո՜ւմը յստակ.
Ա՜հ, կարծէս թէ,
Այս խորտակուած կուրծքիս տակ,
Տրտմութեան հին աղբիւրն է որ,
Աւերակէ աւերակ,
Լուսնի լոյսովը օծուն,
Հոգւոյս ճամբան կը փնտրէ.
Ա՜հ, սփոփա՛նքը իր երգին...
Խաղաղութի՜ւն...

Այս իրիկուն,
Աստղերն որքա՜ն են վճիտ,
Ինչպէս շիթերն արցունքի՝
Որ կը թափին երբ մարդ կ՝իյնայ աղօթքի...
Խաղաղութի՜ւն:

Ու այս ձա՜յնը.
Բայց ծաղիկէ զատ ո՛չ մէկ իր կայ այստեղ.
Ահ, այս ձա՜յնը, այսպես խաղաղ ու տրտում...
Անհո՞ւնն է.
Ձայն կը լսեմ, կարծէս թէ,
Լռութեան այս անրջահև երգին մեջ...

Խաղաղութի՜ւն:

No comments: