Sunday, January 25, 2015

Զոհական։ Իմ կամքն եղաւ


Իմ կամքն եղաւ նոճիինն այս մենակեաց 
Որ հովիտի լանջակողին մոխրամած՝ 
Կարկաոելով յամառօրէն  դէպի  վեր
Գծեց կոնն իրձեւեց հասակ եւ ստուեր:

Պահակ անշարժ իր հնաւանդ անդոհին 
Ան սպասեց  եւ կ՚սպասէ անձկագին 
Որ շառայլի՜ շուքն հովիւին բացակայ
Սրինգն որուն սօսափին մէջ դեռ կուլայ…։

Դէպի կապոյտն իր սլացքին՝ թխաթոյր
Գագաթն այրեց միջօրէի արեւն հուր,
Եւ շանթն ահեղ գիշեբ մ՚անամպշողշողուն,
Հարուածեց կողն երբ կը նայէրաստղերուն։

Սեպ վայրէջքի կողերուն՝  ձի՜գ, տենդագին 
Փնտոեց մերթ դող, մերթ գոլն հողի ընդերքին. 
Հերձերէն  սեղմ պահանգներու կիսայրեաց 
Իր  ջլապինդ արմատներովն իջաւ ցած,

Եւ աւիշին, ընձիւղումին ի խնդիր 
Սուզեցաւ  խո՜ր,   մխրնեցա՜ւ  լայնածիր
Մինչեւ յատակն հողին, ու հո՛նքարերուն 
Յեսանափայլ փեռեկտեց Սիրտն անարիւն …։

Իմ կամքն եղաւ նոճիինն այս տենդահար 
Որ ցանկաց յար սլանալ վե՜ր , սուղիլ վա՜ր…։


Զոհական «Ճրագալոյց» Իսթանպուլ 1953



No comments: