Մատթէոս Զարիֆեան։ՁՄԵՌ ԻՐԻԿՈՒՆ
Դագաղի պէս նեղ օրեր,
Գերեզմանի փայտեայ խաչի պէս տխուր...
Դեռ երա՞զ, սէ՞ր -
Զո՜ւր է, զո՜ւր...
Գերեզմանի փայտեայ խաչի պէս տըխուր... ։
Ահա կ՚անցնին դիակի գոյն երկինքէն՝
Խուճապահար տարմերն անբախտ ագռաւի...
Ջարդէ փախչող մարդերու պէս կը հեծե՜ն.
Երկնքին մէջ ալ կը ջարդե՜ն՝ երեւի...
Ու փոթորկոտ իրիկունով,
Նախիրն ահա՝ լեռներուն մէջ ցանուցիր...
Ո՞վ գրեց, ո՞վ,
Կեանքի օրէնքը կարմիր... ։
*
Այս առտու,
Մարդ մը հուժկու
-Որ ունէր բիրտ ու արիւնոտ աչուըներ-
Մեծ կացինով մը ջարդեց
Լելակի ծառ մը տարէց։
Խորհեցայ թէ, երբ իյնար
Ծառն իր վըտիտ հասակով՝
Այն մարդն անշուշտ պիտի լար.
Ան հեռացաւ սուլելո՜վ...
Ո՞վ գրեց, ո՜վ... ։
*
Ահա կոչնակն Հայ ժամուն.
Հիմա հարկաւ մութ գըռիհններն են լեցուն,
Հայ մայրերով, մամերով,
Որ ժամ կ՚երթան իրկուն-առտու՝
Աւետարանն համբուրելու... ։
Անոնց տըժգոյն բերաններէն,
Հարկաւ, նորէն
Պիտի քակուի աղօթքն երկար՝
Մեռելներուն հոգւոյն համար... ։
Յետոյ անոնք, հարկաւ, նորէ՛ն
Իրենց տժգոյն բերաններով պիտի ներեն՝
Նոյնի՛սկ, նոյնի՛սկ թշնամիի՜ն...
Ու երբ մեկնին
Դողդողուն՝
Պիտի նորէ՛ն ունենան
Յիսուսի Ձեռքը շուշան՝
Ուսերնուն.. ։
*
Իրիկնամուտ, երկինքն ինչպէ՜ս կ բռընկի...
Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ,
Մարդիկ՝ ծունկի՝
Կարծես կ՚այրի՜ն,
Դիւային
Սա ամպերուն մէջ նետուած...
Ու կարծես թէ՝
Հեռուն,
Գլխատուած մարդ մ՚աստղերուն
Դե՜ռ կ՚աղօթէ
Բազկատարած. -
Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ... ։
*
Մա՜հ։
Ո՞վ է հըզօր իրեն պէս։
Մա՜հ, մա՜հ...
Պէտք է դընել, վերջապես,
Մեր հոգիները յըստակ՝
Իր երկարած սուրին տակ...
Ժըպտելո՜վ... ։
Ո՜վ գրեց, ո՜վ...
ՄԵԾ ԿՂԶԻ, ԱՊՐԻԼ 1923