Նորա Պարութճեան։ ՁԱՅՆԸ
լսել ձայնին միջուկը
ու խլանալ զարնուողի հաճոյքին
փակուիլ իջնել կծկուիլ
մուտք գործել կէտին մէջը բջիջին
ուրկէ օր մը մենք ծնանիլ սկսանք
ու բռնեցինք կորուստներու մեղկ ճամբան
պատասխանին հիացումը ըմբոշխնել
ու միշտ պահել պարոյկը
շեշտ փորագիր
քանի չկայ հաշտութիւն
կատարեալին սահմանագիծն ծռմռել
որ հաշմանդամ երակէն գեղեցկութիւնը բխի
ու շունչ իյնայ երթալիքին մայթն ի վեր
ուրկէ բռնած փնտռելու ելեր ենք
ջերմութիւնը
հազար անգամ հազար կտոր հազար մասով բզկտիչ
սրտին խորը ներշնչումի բռնկումի ափերուն մէջ կը հալի
ու կը խածնէ ականջը
մեծ օրկանը սէրուսեռի
Աստուծոյ
ուրկէ ձայնը կը մտնէ
ու կը մնայ
նոյնիսկ մահուընէ անդին
No comments:
Post a Comment