Նորա Պարութճեան։ ԿԸ ԼՌԵՆ
ու կը լռեն ի վերջոյ
չենք գիտեր ինչ ըսած էին մինչ այդ
ինչ պատկերներ անոնց աչքը խոցած էր
եւ ինչ հառաչ կիսատ ծուխի վերածուած
անոնք կ’իյնան տերեւի պէս խշռտած
եւ ուրիշներ հաճոյքով խենթ
անխնայ կը կոխկռտեն
ոչ ինկողը եւ ոչ քալողն զղջում կը զգայ ներսիդին
քամին պատմութիւն մը կը պատմէ
ամէն մարդու մէկ տեսակ
ամէն պահու համեմատ
բոլոր ցաւերն այլանդակուած կ’երեւնան
հիւանդութիւն մը խուլ
զանոնք ի սպառ կը ջնջէ
կը մաքրուին
հոգի լեզու միտք մարմին
ու կը սկսին փառաբանել ամենակալ պատիժը
որ ամէն տեղ հունտերէն
փշեպսակ կը ծլի
խեղճուկրակ եսերու աղբամանէն
սեռագոյն կաթնաղբիւրներ կը հոսին
ու կը փակեն մարդու առջեւ մարդ ըլլալու ապագան
ձգախեժի թացութիւն մը
այս բոլորը կը կապկպէ իրարու
փունջ մը արեւու պէս գոյնառատ
հովանիին տակ ճշմարտութիւնն կը խեղդէ
դեռ ամէն բան կը սպասէ
No comments:
Post a Comment