Բոլոր ձիուկները փայտէ չեն,
Բոլոր փայտերը խաղալիք չեն,
Բոլոր տուները տուն չեն ,
Բոլոր մանուկները մանուկ են
եւ միմոս կը սիրեն:
Միմոս մը մէկ գոյն
Եւ երեք քիթ կ՚ունենայ.
Առաջինը իր բնական քիթն է,
Երկրորդը միմոսական քիթն է, որ բնական քիթին
ճիշդ վրան է,
Երրորդը՝ մանուկներու խնդուքը հոտոտալու քիթն է
որ մեր քիթին ճիփճիշդ երկու անգամն է
եւ չի տեսնուիր։
Նորէն աշխարհը պաղպաղակ կարծեր`
մէջտեղերը թափթփեր ես
Փիղին փրթած պատիճը, Շիլային գօտին,
Թէպի Պէրին ժապաւէնը եւ Աննայիդ
արդուկուած հագուստները։
Շա՛տ կը սիրեմ Քէպէճ Փէչդ ,
Ճաբոն ծնած է, հնդկագոյն մազեր ունի
Եւ քու մականունդ.
Բաց կանաչ հագուստ, բաց կանաչ ժպիտ,
Առաջ ճի՛շդ ասոր չափ էիր։
Խոշոր գնդակը պարտէզին անկիւնը հրեր ես
ասանկ բան կ՚ըլլա՞յ։
Պաղպաղակի պէս կ՚իջնէ ձիւնը ,
Ամէն գնդակ ձիւնին-բուքին չի դիմանար
եւ ինչո՞ւ պիտի դիմանայ,
Ներս բերելու, տաքուկ տեղ մը պահելու է։
Կաղանդ Պապան ճինկը՛լ ճինկը՜լ պիտի գայ.
Երանի՜ Կաղանդ Պապային՝ չի բաւեր եղնիկ ունի
կարմիր, պսպղո՛ւն քիթով եղնիկ ունի.
Չի բաւեր սայլ ունի՝ երկինքներէ՜ն, երդիքներէ՜ն
թռչող սայլ ունի։
Բարիներուն ալ, չարերուն ալ
Ձմրան բոլոր երգերը ինքը կ'երգէ, կը շէնցնէ,
Ուրախ մարդ է Կաղանդ Պապան, տալուն համար
եւ երթալուն՝ յաջորդ տարի ալ կը սպասենք :
Իսկ ո՞ւր է, ո՞ւր գացեր է Կաղանդ Մաման
Խենթ ենք ինչ ենք որ մենք իրեն բան չենք հարցներ,
Մինչդեռ ինքը՝ պարելէն առաջ
մեզի ինչեր կը հարցնէ։
Գիրքդ բացեր ես նորէն արա
Մէկ-էն Տասը սորվելու
Մէ՛կ հնդիկ, երկո՜ւ հնդիկ ,
Բոլոր հնդիկները աս որքան կլոր աչքեր ունին,
Ժապաւէն ՝ ճակատին , նաեւ թոնթոշիկ են,
(Կարծեմ քիչ մը սխալ գծուեր են):
Մէկէն Տասը համրելը երբոր սորվիս
աշխարհը պիտի սկսի բարդանալ .
Կարգ կանոնէն աւելի ՝ օրէ՛նք պիտի ըլլայ:
Ալ փայտէ ձիուկիդ պիտի չնստիս ,
Փիղին պատիճը ընձուղտի պոչիկ պիտի չընես.
Պիտի չըսես որ
Բաց կանաչ հագած պուպրիկը բաց կանաչ ժպիտ ունի:
Ոչ–ի փոխարէն Այո՛ պիտի ըսես,
Այո–ի փոխարէն՝ Ո՛չ.
Կարեւորը Ոչ ըսելը չմոռնալն է:
Հիմա գիտես որ ոսպը օգտակար է ,
եւ պաչիկը, եւ նարինջի հիւթը.
Յետոյ ՝ օգտակարը եւ վնասակարը յաճախ
նոյնը պիտի ըլլան:
Վան Սոն Փարքին չուչու շոգեկառքը ձգած ՝
գորշ մեքենաներու մէջ պիտի մտնես,
Եւ ես պիտի կարօտնամ աւազը, արեւը,
ու վառվռուն տոտիկներդ.
Եւ երկար ատեն պիտի անցնի
Մինչեւ սորվիս որ տգեղ բադիկը՝ գեղեցիկ կարապ է։
Միքի Մաուսին խոփխոշոր դեղին կօշիկը
պահած անկողինիդ տակ
Տաքուկ բարձիդ վրայ՝ օրուան փրկութեան ապաւինած
մշիկ–մշիկ կը քնանաս,
Անշուշտ առանց անդրադառնալու թէ հիմա
Այս աշխարհի հազարաւոր կէտերուն վրայ
Կարմիր Աղջկան կը խաբէ գայլը,
Տգեղ բադիկը լքուած մինակ կը զգայ ցուրտ լիճի մը վրայ,
Յովազը կը յօշոտէ եղնիկը, եղնիկը կը յօշոտէ թռչնիկը,
Թագաւոր մը չարութիւն կ՚ընէ, բոլոր հսկաները մեռեր են,
Մոխրիկը կը լուայ տունը եւ պարահանդէսի չ՚երթար
Ինչո՞ւ պիտի անպայման Մէկ -էն Տասը սորվիս ...
1987
« Բազմածուփ աշխարհ »