Friday, January 09, 2026

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՈՐԲ ՕՐԵՐ ԲՈՐԲ ՏՈՂԵՐ

Ռ. Հատտէճեանի կարօտով



Քանի կաղանդ ապրեցանք
Քանի կաղանդ - դառն ու ոգեւոր

«Առաստաղ»ին տակ
Կամ «Առաստաղին Միւս Կողմը»
Մոմերու նման պլպլացող յոյսերով
Լուսազարդեցինք պճնուած տօնածառը

Եղեւինին ճիւղերուն կախեցինք
Մեր անաւարտ զրոյցները
Քու լուսայորդ տաղանդդ - ձիրքերդ ու «Վաստակ»դ
Քու յաւերժական լաւատեսութիւնդ
Հազարումէկ խոչընդոտը յաղթահարող կորովդ
«Օրագրիդ Տասնըհինգ Էջեր»ուն քով ամանորեայ «Հաշուեփակ»դ
Բազմագոյն «Յուշատետր»երդ
Միշտ անթերին պահանջող բծախնդրութիւնդ
Եւ քու յուզիչ բացակայութիւնդ

Վերջապէս
Անդրադարձանք թէ ամանորը «Բառասխալ» մըն էր
«Մարդոց Մեծութեան եւ Խեղճութեան Մասին»

Տասնեակներով կաղանդի քերթուածներուս մէջ
Այս առաջինն է որ
Դուն պիտի չկարենաս կարդալ
Որբ օրերու այս բորբ տողերը
Մինչ ես անճար
Ի զուր պիտի սպասեմ քու տպաւորութեանդ

Անվերադարձ օրերը որքան առանձին են հիմա
Եւ Թարապիոյ ծովափը որքան ամայի


ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Դեկտեմբեր 2025