Showing posts with label Nora Baroudjian. Show all posts
Showing posts with label Nora Baroudjian. Show all posts

Thursday, January 17, 2019

Նորա Պարութճեան։ ԱՆՕԹԵՒԱՆ


անօթեւան
թմբկափոր   
ու տեղ մըն ալ՝ հաւակնոտ
կուգամ կ’երթամ ուր ուզեմ
չեմ կանգնիր իմ չսիրած վայրերս
-սիրուած վայր մ’ալ մինչեւ հիմա չեմ գտած-
չունիմ գին չունիմ գնորդ
անգին եմ թէ արժեզուրկ
հարցում անգամ չէ ինծի
ոչ սպասող սէր ունիմ
ոչ ալ մասիս հարցնող
-ասոր համար աչքէս արցունք չեմ քամեր
թող չերեւնամ
չլսուիմ
ի՞նչ վնաս
տալիք չունինք
ես ուրիշներ իրարու

բայց երբ դէմս ելլող մը
Յարալէզի հովերով
արիւնս մէկէն խաղցնէ
հոն նետուած հին հունտիկին         
շփոթահար ճաճանչումին
քովէն անցնի
ձեւանալով անտարբեր
ու իբրեւ թէ չտեսած
կոխէ ծիլի ճկոյթին
եւ առանց աչքերուն մէջ նայելու
օդին մէջ
ներողութիւն  ֆշշացնէ  
հոն՝ կը փոխուի ամէն ինչ

-ի՞նչ

կուտը հարկա՜ւ կը լեցուի
բայց ծղօտին աւիշը
արիւնագոյն
տեղ չի գտներ հոսելու
անտուն անտէր կը թափառի անգետին

-ոչինչ

Friday, December 30, 2016

Նորա Պարութճեան։ՄԷԿ ՄԱԶԷ ԿԱԽՈՒԱԾ

Լաթակալով մը բռնեց ականջէս,
մազէ բարակ պարանէ կախեց.
խարազանը ձեռք առաւ,
ճօճեց, զարկաւ
գետնին փոշին գրգռեց
ու սկսաւ բացատրել
թէ ծանրութիւն ես գրեթէ չունէի.
ահա՜ւասիկ,
կ’օրօրուէի ամէն խօսքէ,
շարժումէ,
ձայնի ամէն կշռոյթէ։

Այս՝ սկսաւ խաղի պէս,
խաղն սկսաւ երախայի
միամիտ մէկ ցանկութեամբ.
երբ սկսաւ,
խնդալէն կը մարէինք։
Այդ օրերուն
մեր առօրեայ հոգերը՝
կախուած մազէ պարանէ,
հովերու բերնին
մազէ խաղալիք էին։

Մոռցանք տարիք,
մոռցանք գործ,
պարտք-ական-հաշիւ,
կարծեցինք ըլլալ
երջանիկ գիժեր
ու գիժ ձեւացանք։

Յետոյ՝ արեւը մեր գլխուն զարկաւ,
արիւնը եռաց,
լեզուն ահեղ անիւի նման
դառնալ սկսաւ
ու խարազանը՝ դահիճի ձեռքին
հին գործիք դարձաւ։

Բարակ պարանէն կախուած մարմինս
թփրտաց ուժգին.
խաղը վերջ գտաւ.
կախեալ վիճակս
տառապանք դարձաւ.
ի զուր փորձեցի
փրթիլ ու իյնալ,
քիթ բերան սիրտ միտք արիւնել՝
բայց գետինս դառնալ։

Գետին ա՜լ չկար։
Խենթութեան խաղին
դարձայ խրտուիլակ՝
մէկ մազէ կախուած։


Thursday, November 26, 2015

Նորա Պարութճեան։ ՊՂՊՋԱԿԸ

Գաւաթին  մէջ
շատոնց լեցուած
մատ մը ջուրին յատակէն
 ատեն ատեն
 պղպջակ մը
-       ուրկէ՞ ուր -
 վեր բարձրանալ կը փորձէ։
Ինչո՞ւ կուզէ
ցնցել արդեօք
մատ մը ջուրին
անշարժութեան մատնուած
երկարատեւ հանգիստը։
Ի՞նչ է արդեօք փնտռածը,
երբ աջ ու ձախ
հրմշտկել-հրելով,
մէկը՝ նեղի մատնելով,
միւսը՝ տեղէն զրկելով                  
ճամբան կընէ
մատ մը ջուրին մակերեսին հասնելու,
 քիթը օդին կոխելու,
 ազատ շունչ մը քաշելու
 ու լայնօրէն պայթելու։

Երբ պայթիլն է
 վերջիվերջոյ
իր ճակատին գրուածը,
ինչո՞ւ հանել
այսքան աղմուկ-աղաղակ։

Ազատ շունչ մը քաշելէն ետք պայթելով,
յատակներու յատուկ կեանքէն
միս մինակը
փախուստ տուած
պղպջակը  
ճակտի գիրէն
մի քանին
ջնջա՞ծ ըլլալ կը կարծէ։

Թող կարծէ




                                                                                 


Wednesday, November 25, 2015

Նորա Պարութճեան։ ԱԿՆԹԱՐԹԸ

Նեղ անցքին մէջ
այդ վայրկեանին
երբ բարկացած արագ հասաւ ետեւէս,
զիս հրելով բան մը շարժեց,
արիւնս եռալ սկսաւ,
ու երեսիս քսուելով մինչ անցաւ՝
դէմքս ուրիշ կողմ դարձած էր այլեւս.

Ուրի՜շ բան մը ես տեսայ.

Զարմանքի անգոյն թելերէն կախուած         
եղածէն ոչինչ հասկնալ կրցայ.            
օրօրուելով, երերալով                             
ինկայ գոգը պարապին                             
ու լափռտել սկսայ                                   
արդէն ինձմէ հեռացող                             
Ակնթարթը                                                

զոր բռնել ես չկրցայ

Ճամբան շուար որբի պէս կարկամ
 այս անգամ ալ իրմէ՜ որբացայ. 
արիւնս՝ միայն իր գոյնը փոխեց,
ուրիշ լեզու մը լեզուիս վրայ խաղաց,

աշխարհ ու մարդիկ տարբեր հագուեցան,
գաղտնի վայրերու գիւտը ես ըրի.

ու այսքան։

Նեղ տեղերը հովի պէս կտրող անցորդին
բիւր բարեւներ, բիւր ողջոյն.
աւաղ, զայն ճանչնալու չհասայ.
չեմ գիտեր հիմա՝
անցած տեղը ուրիշ անգամ կը դառնա՞յ
ետին մոռցած թիւ մը, իր մը, գոյն մը, շունչ մը ման գալու
ձայնի մը շեշտը դնելու։
ատեն ատեն կափսոսա՞յ.         

եթէ երբէք պատահի
յաջորդ անգամ
զիս ալ հետը կը տանի՞։

Monday, May 26, 2014

Նորա Պարութճեան: [Սիրտս կ’ուզէ յանցանք գործել]

Սիրտս կ’ուզէ յանցանք  գործել.
ա՜լ կ’ամչնամ,
50 տարիս լրացաւ,
դեռ՝ քաջերու զաւեշտով  փախուստ կու տամ
կախարդանքի ծուղակէն։

Իյնայի սանկ թաւալգլոր
խաւաքարտէ տարիքէս
նենգութեան մէջ շշուկին անցեալի մերկ ծառերու,
խառնէր սիրտս ու
արտաքսէր՝  կոկորդէս  վար դիւրին սահած
 ախորժալի պատառները վիթամինով համովցած։

Չարութիւնը աղբակոյտի վերածուած
 խցանուեր  է ներսիդիս
ու թոյլ չի տար որ ներեմ
ոտքիս տակ օձերու պէս գալարուող
մահէն անգամ մերժուած լեզուներու թունաւոր։
Պարտէզիս մէջ պէթոնէ
վարդ ու տատասկ փուշեր չունին այլեւս։
Կարծրութիւնը խեղճացած
իր յօրինած հովերուն խաղը միայն կը փչէ։

Սիրտս կ’ուզէ մուտք գործել
դուռ պատուհան ու պատնէշ  դեռ չիմացող աշխարհը,
ճամբաներու գաղափարը չհաստատած գետինը
քալեմ մէյ մը,
մէկը ինծի բարեւ տայ առանց պատճառ փնտռելու,
ուրկէ գալս հարցնէ առանց յետոյ-ն քակելու,
չնայիմ ոչ ետ ոչ առաջ,
ձեռքէն բռնեմ ձեռքէս սահող
սա անծանօթ  Ներկային
ու համբոյր մը դրոշմեմ իր ճակատին դառնացած,
ըսեմ իրեն՝ հազար անգամ ներողութիւն,
կը փնտռէի,  յուսամ շատ չեմ ուշացած։






Sunday, May 25, 2014

Նորա Պարութճեան: ՄԱՀՈՒԱՆ

Թեթեւ Տրամադրութեամբ եւ ազնիւ  զգացումներով

Ընդունեցի,
եւ ով զարմանք
ատեն ատեն սիրեցի։
Կը կարծէի թէ տգեղ էր
ու մանաւանդ սարսափելի,
չէէէ, եղան պահեր, երբ իսկապէս
թեւերս բաց դէպի իրեն վազեցի,
բայց ինք էր որ զիս մերժեց
զիս ետ մղեց տարածութիւն պահելով մեր միջեւ։

Տակաւին զիս չէ համբուրած,
ոչ ալ ձեռքս է բռնած,
միջնորդներով նամակները կը ղրկէ.
ամէն անգամ ստանալուս
սրտաշարժ մը կը ստեղծէ։
Կը խոստանայ՝
օր մ’անպայման պիտի գայ
ու զիս տանի,
զիս տանի,
տանի հեռու այն տեղը
որ տագնապի պահերուս
մօտիկ ըլլալ կը թուի,
ուր մէկ ցատքով հասնիլը՝
երկվայրկեանի կը նայի։

Վախազդեցիկ իր դէմքը
 թիւր է
կեղծ լուրջերու տեսքին պէս.
ես՝ անձնապէս
սեւը  սեւ, ճերմակը  ճերմակ տեսնելէս ետք
իրմէ աւելի բարի մէկու չեմ հանդիպած.
շատ  կ’ուզէի՝ շունչս շունչին
աչքս աչքին
ունկնդրել կեանքիս վերջին մեղեդին։





Friday, March 21, 2014

Նորա Պարութճեան: ՈՒ ՎԵՐՋ

Ոչ զիս մաքրէ,
ոչ ալ փորձէ համոզել
թէ մաքրուիլ ինծի պէտք է։


Հեռու ինձմէ կռկռացող սայլակդ,
որուն վրայ փաշայի մը պէս բազմած
զրահիդ  մէջ ապահով,
ՙմէկ ձեռքիդ սուր, միւս ձեռքիդ …՚
աշխարհի շուրջ կը դառնաս։


Չըլլա՜յ  անցնիս մեր թաղէն,
պարտէզիս  դուռը ափ չառնես,
հիւղակիս դռան զանգակը չթրթռայ անցքովդ,
դուրս կու գամ ես, հաւատա՜,
ու վե՜րջ …
   վերջդ…
   Վերջը  կը  բերեմ։


Քիթիդ տակէն կը խնդաս
հաչոցին դէմ տողերուս .
Մելիքն ալ Ծուռին դիմաց նոյնն ըրաւ,
բայց  Ծուռը լեռ բարձրացաւ
զգուշացուց  ինքզինքէն ՙանվախները՚ քուն մտած։
Որ ստիպուած արթնցան։


Չգրգռես սատանային յիշատակը
հրեշտակեան օրերուն
երբ կարող էր դէպի երկինք
սխալ շարուած սանդուխները հիմնայատակ խորտակել,
անուններու  կարծրութիւնը փուճ ընկոյզի կեղեւի պէս կոտրտել…
անոր հոգին չարացած
մաքրուելու պէտք չունի,
մլաւիւնդ այնտեղ ուժ չունի.
եթէ միայն մէկ քայլ առնէ դէպի ետ,
ա՜լ վե՜րջ…
    վերջդ…
    Վերջը կը բերէ։


Դուն գնա այն ամբոխին,
որ ճամբուդ զոյգ եզերքին
համբերութեամբ կամ անհամբեր
սայլիդ անցքին կը սպասէ.
թերեւս այս անգամ
Ձայնը աւելի բարձրաձայն  խեղդէ,
ըմբոստին կուրծքը
վերջապէս
շքանշանի ասեղը խոթէ։



ես շատոնց է
փողոցէն տուն դարձած եմ։
Ինծի համար՝
ա՜լ վերջ,
     վերջդ,
     վերջը եկած է։



Նորա Պարութճեան

…Through, Forever!
 
Neither cleanse me,
nor try to convince me,
that I need cleansing.
 
Keep your squeaking cart away,
on which, sitting like a pasha,
safe in your armor,
“A sword in one hand and in the other…”
You encircle the world.
 
Do not dare pass through our turf!
Never darken my garden’s gate!
Don’t make my hut’s bell pulse at your stride!
Believe me, I shall come out,
and you…
Will be through…
Forever…
 
Beneath your nose, there is a sneer
at my barking lines.
Melik did the same facing Madcap,
but Madcap scaled the mountain
and alerted the napping “Fearless”,
who had to wake up.
 
Do not disturb daredevil’s recollection
In the days of angels,
when the scrambled stairs rising to heaven
can crumble forever to dust.
 
Aroused,
his angered soul
needs no cleansing,
your mewings are powerless there.
If he only took one step backwards,
it is over, you
will be through…
Forever…
 
Go to that rabble
that lines your road
waiting for your parade.
Maybe this time
the Voice may crack with a roar
the breast of the rebel,
once and for all,
may thrust in the pin of decoration.
 
For some time now,
I’ve been home from the street.
For me, it’s over --
You are forever
Through!
 
……………………..Nora Baroutjian
Translated by Tatul Sonentz