Monday, May 26, 2014

Նորա Պարութճեան: [Սիրտս կ’ուզէ յանցանք գործել]

Սիրտս կ’ուզէ յանցանք  գործել.
ա՜լ կ’ամչնամ,
50 տարիս լրացաւ,
դեռ՝ քաջերու զաւեշտով  փախուստ կու տամ
կախարդանքի ծուղակէն։

Իյնայի սանկ թաւալգլոր
խաւաքարտէ տարիքէս
նենգութեան մէջ շշուկին անցեալի մերկ ծառերու,
խառնէր սիրտս ու
արտաքսէր՝  կոկորդէս  վար դիւրին սահած
 ախորժալի պատառները վիթամինով համովցած։

Չարութիւնը աղբակոյտի վերածուած
 խցանուեր  է ներսիդիս
ու թոյլ չի տար որ ներեմ
ոտքիս տակ օձերու պէս գալարուող
մահէն անգամ մերժուած լեզուներու թունաւոր։
Պարտէզիս մէջ պէթոնէ
վարդ ու տատասկ փուշեր չունին այլեւս։
Կարծրութիւնը խեղճացած
իր յօրինած հովերուն խաղը միայն կը փչէ։

Սիրտս կ’ուզէ մուտք գործել
դուռ պատուհան ու պատնէշ  դեռ չիմացող աշխարհը,
ճամբաներու գաղափարը չհաստատած գետինը
քալեմ մէյ մը,
մէկը ինծի բարեւ տայ առանց պատճառ փնտռելու,
ուրկէ գալս հարցնէ առանց յետոյ-ն քակելու,
չնայիմ ոչ ետ ոչ առաջ,
ձեռքէն բռնեմ ձեռքէս սահող
սա անծանօթ  Ներկային
ու համբոյր մը դրոշմեմ իր ճակատին դառնացած,
ըսեմ իրեն՝ հազար անգամ ներողութիւն,
կը փնտռէի,  յուսամ շատ չեմ ուշացած։






No comments: