Thursday, May 29, 2014

Վահան Թէքէեան: ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ

Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն...:

Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.
Ինչ որ տարաւ Սէրն ինծմէ՝ չկորսնցուց զայն Աստուած,
Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան...:

Եւ այժմ, ո՛վ Տէր, հակառակ իմ տանջանքիս, հակառակ
Ինծի համար սա՛ չորցած երջանկութեան աղբիւրին.
Հին գինիով յորդաբուխ ես կ'արբենա՜մ տակաւին...:

Ու չեմ ըսեր «ի՞նչ մնաց...»: Ի՞նչ մնաց հողին տակ
Եղէգներէն դիւրաթէք, կաղնիներէն հաստաբուն,
Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն:

No comments: