Զահրատ: ՄԻԱՎԱՆԿ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ
ԲԱՌ
Պէտք է գորովով մօտենալ բառին
Որպէսզի տոկայ
ամուր ծառ դառնայ
ծառանայ քարին դէմ
երբ զինք քարկոծեն
- Չմնայ մինակ
Բառեր գան իր շուրջ - առաջ կամ ետեւ-
Շարուին զետեղուին
բծախնդրօրէն-
Պէտք չէ խնամքը զլանալ բառէն
ԲԱՆ
Պէտք է խնամքով մօտենալ բանին
Ան կար սկիզբէն
կար ամենազօր
- Աստուած էր նոյնիսկ
Հիմա կը սպասէ մէկու մը որ զինք
ստեղծէ նորէն
- Հիմա կը սպասէ իր բանաստեղծին-
Պէտք չէ մեր սիրտը խնայել բանէն
ԳԻՐՔ
Պէտք է սրտաբաց մօտենալ գիրքին
- Գիրք որ կ՛ամփոփէ ինչ որ մենք էինք
ինչ որ եղանք մենք-
Մինչ դեռ ինչ որ մենք պիտի ըլլանք դեռ
կը մնայ անտիպ
- Պէտք չէ կիսաւարտ հեռանալ գիրքէն
ՏՈՒՆ
Պէտք է աւարտուն մօտենալ տունին
Տունն է ուր կ՛երթանք ու կ՛ապաստանինք
Հոս հոն թափառելէ վերջ անդաստական-
Միշտ տունն է ուրկէ կը ցանկանք փախչիլ
Որ ազատ ապրինք մենք աստանդական
Պէտք չէ շատ կանուխ բաժնուիլ տունէն
ՀՈՂ
Պէտք է շատ կանուխ մօտենալ հողին
Այն ցեխին որմէ մարդը կը շինուի
Այն կաւէն որմէ մարդը կը կերտեն
- Մարդ կայ որ ցեխ է - կը մնայ միշտ ցեխ-
- Մարդ կայ ցոլքն ունի անխարդախ կաւին
Նայած թէ ինչ շունչ փչուեր է իրեն
Պէտք չէ քէն ընել - հեռանալ հողէն
ՍԱՂՄ
Պէտք է ամէն քէն մոռնալ եւ այդպէս
մօտենալ սաղմին.
- Սկիզμը ամէն արկածախնդրութեան -
Չի գիտակցիր ինչ անգիր օրէնքով
եւ ինչու համար
կ՛աճի - կը շատնայ-
Կ՛աճի որ օր մ՛ալ ինքն սկիզբն ըլլայ
նոր նոր սաղմերու-
Պէտք չէ սակարկել ներզօր սաղմին հետ
ԿԻՐՔ
Պէտք է անսակարկ մօտենալ կիրքին
Միշտ ան է որ մեզ պիտի խթանէ
որպէսզի հասնինք
ուր պէտք է հասնիլ
- հոն ուր երազը մեզ կ՛առաջնորդէ-
- Եթէ երազ ունինք-
Պէտք չէ աներազ μաժնուիլ կիրքէն-
ԼՈՅՍ
Պէտք է երազով մօտենալ լոյսին
Որպէսզի գիտնանք
ուր ենք - ուր կ՛երթանք-
Լոյսերը վառել պէտք է քանի որ
Որպէսզի տեսնենք թէ ուր ենք հասեր
- Ու նորէն պէտք է քալել դէպի լոյս
քալել անսայթաք
քալել անխարխափ-
Պէտք չէ կէս ճամբան զրկուիլ լոյսէն
ՄԻՒՍ
Պէտք է սրտաբաց որոնել ճամբան
որ միւսին կը տանի
Միւսը որուն հետ
Օրը տեւական տօն մը կը դառնայ
- եւ որուն համար
Դուն ալ այն միւսն ես որուն կը սպասէ
Հեղ մը որ գտար
գոնէ երազ մը միատեղ չապրած
Ինչու եւ ինչպէս μաժնուիլ միւսէն
ՁԱՅՆ
Պէտք է լաւ դատել
Ինչպէս եւ ինչու մօտենալ ձայնին
Ձայնել բարձրաձայն
Ձեռքբերումը մեր ազատ գոյութեան
Ու չարտօնել որ
Օտարոտի եղծ ու կեղծ ձայներով
Օրօրուինք ու մենք քնանանք ի սպառ
Պէտք է մշտարթուն տոգորուիլ ձայնէն
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Պէտք է մշտարթուն մօտենալ վերջին
Թէպէտ միշտ պատրաստ
Բայց միշտ պնդել թէ կանուխ տակաւին
Թէ չէ մաշած մաշկը որ կը պաշտպանէ
Փճացումին դէմ
Թէ անժամանակ
Կորուստն է պղտոր սահմանէն անդին
Եւ հաւատալ թէ զօրեղ ենք այնքան
Որ ինքնապաստան
Կրնանք խուսափիլ ահաւոր վերջէն
Փորձառու ագռաւ մը կþազդարարէ
Պէտք չէ խուսափիլ ահաւոր վերջէն
ԶԱՀՐԱՏ
«Ազդակ Գրական» Թիւ 3, 2012