Նիկողոս Սարաֆեան։Յառաջաբան
Եկեր եմ ծով՝ կարօտով, եւ կապոյտ ծով է անհուն,
նաւահանգիստ, պերճ քաղաք, ամառ, եւ գիւղ է խաղաղ.
առաւօտուն, ճիչ, խայտանք՝ ծիծառներու, աքաղաղ,
եւ տեսիլ է հայրենի՝ հոս, լուսացման այս պահուն։
Ափ է օտար, անծանօթ, ծանօթ՝ սակայն, ծանօթ ծով,
Միջերկրական, Արեւելք՝ Արեւմուտքին մէջ, երկիր…
Եւ մանկութեան աշխարհիս նման ժայռեր են կարմիր,
այդ աշխարհիս ջուրերուն նման ծովն է իր կոծով։
Նման փայլող բլուրներ եւ նոճիներ, լուսաբաց՝
նարնջագոյն ու կարմիր … Յարութիւն է անցեալի,
մինչ ուղեւոր մեծութիւն ծովն է, հզօր, կը փայլի,
իր յուշերով դարաւոր, կ՛առաջանայ լայնաբաց։
Հոս՝ հեռացածն է ներկայ եւ գալիքն է միասին,
հին, նոր խինդեր միասին։ Այստեղ տեսածս է նման՝
մանկութեան մէջ տեսածիս, մաքուր, խաղաղ, անսահման,
եւ նման է ապագայ աշխարհի մեր երազին։
Ճամբուս վրայ՝ թափառման՝ երկիր այս ծովն է եւ հուն,
եւ ուղեւոր մարդկութեան, եւ քայլերու գերբնային
ձայն է, եւ մերթ քայլերուս ձայնն է… Տարուած կը նայիմ,
տարուած եւ լի, լայնաբաց՝ լուսաբացի այս պահուն։
ձայնն է կտրած ծովերուս։ Օ՜ ի՜նչ ժլատ ճակտի գիր,
մեծութիւններ մարդկային ցանկալ սակայն տարագիր
շրջիլ, ոչ մէկ մեծութեան կրնալ կապուիլ սրտովին։
Քաղցրութիւններ հեռացած կը յիշեմ, զիս կը յուզեն,
եւ հեռացած կը զգամ զիս։ Ջուրեր կանաչ, գերբնային
ձեռքերու պէս կու տան լոյս։ Խորէն ժայռեր կը նային։
Վերացման պահ է, բայց զուրկ եւ կուշտ կը զգամ զիս լոյսէն։
Եւ հեռանալ կ՛ուզեմ դեռ, թէեւ տեսիլ է վսեմ,
ու կրակներ են նորէն, մինչ ծնունդ է խաւարին
խորէն, հուրեր՝ հրաշէկ մետաղներու… կը վառին
անցեալ յոյսեր։ Միշտ՝ ծովին առջեւ, լոյսին կը սպասեմ…
Եւ ալիքներ են կրկին՝ այս սպասման մէջ լռին…
«Միջերկրական», Պէյրութ, 1971
No comments:
Post a Comment