Wednesday, July 30, 2014

Վահան Թէքէեան: Բարձրացուր

Եթէ կրնաս՝  բարձրացի՛ր, բայց գիտե՛ս ո՞ւր, մինչեւ ո՛ւր,
Եւ քեզի հետ ուրիշներն՝ եթէ կրնաս՝ բարձրացո՛ւր,
Բայց մինչեւ ու՞ր, մինչեւ ո՞ւր...:

Հաւատալով թէ կրնաս՝ օ՛ն բարձրացի՛ր, քա՛ջ տըղաս, 
Սակայն քանի վեր ելլես՝ պիտի մըսիս ու դողաս, 
Մընաս մինա՜կ, խե՜ղճ տըղաս...:

Կարենայի՜ր դուն եթէ բարձրացընել քեզի հետ 

Սիրուած քանի մը հոգի մինչև գագաթն արփաւէտ,
Մինչև սէ՜րը քեզի հետ...

Կարելին այդ է միայն, անըրջակա՜ն կարելին,

Բարեկամնե՛ր՝ որ մէկտեղ կ`ուզեն, կ՛զգան, կը խորհին 
Անկարելին, կարելին...

Միմիայն ա՛յս, մընացեալն ամբողզ պատրանգ է, հոգի՛ս,

Միմիայն ա՛յս, ու անոր գուցէ երբե՛ք չըհասնիս, 
Անոր իղձո՜վը մեռնիս…։


«Սէր» 1920

No comments: