ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ: ԱՊՐԻ
Խա՛նդ տանք, պատրա՜նք տանք ազգին` որ ապրի,
Այս յուսաբեկիչ պատրանքներն ի վեր,
Ապրի: Մենք խորհինք այդ տուրքին բարի,
Ատո՛ր միմիայն, մնացեալն է ըստուեր:
Ապրի: Մենք խորհինք այդ տուրքին բարի,
Ատո՛ր միմիայն, մնացեալն է ըստուեր:
Մոռնանք մեր միտքերն` որ կը յուզեն մեզ.
Լըքե՛նք հոգեկան բաւիղները բարդ,
Ըլլանք պարզ` մեր պարզ ժողովուրդին պէս,
Եւ ո՛չ թէ լարի վրայ ճախրող գերմարդ:
Լըքե՛նք հոգեկան բաւիղները բարդ,
Ըլլանք պարզ` մեր պարզ ժողովուրդին պէս,
Եւ ո՛չ թէ լարի վրայ ճախրող գերմարդ:
Կ՛անցնի՜նք օր մը մենք,- կ՛ապրի ազգը մեր:
Գոյութիւնն իր` միակ իմաստն է կեանքին:
Ըլլանք գոյութեան բեղմնաւոր սերմեր:
Գոյութիւնն իր` միակ իմաստն է կեանքին:
Ըլլանք գոյութեան բեղմնաւոր սերմեր:
Կը հիննան, կ՛անցնի՜ն մեր մտքերն անգին,
Հաւատքնե՛րը մեր… Տանք տուրքը բարի,
Խա՛նդ տանք, պատրա՜նք տանք ազգին` որ ապրի:
Հաւատքնե՛րը մեր… Տանք տուրքը բարի,
Խա՛նդ տանք, պատրա՜նք տանք ազգին` որ ապրի:
No comments:
Post a Comment