Բիւզանդ Թօփալեան: Ծովափնեայ մենութիւն
Դ.
Ու ես՝ ոտքի՝ գերագոյն մենութեան մէջ ծովափին
Կուրծքս այգային հովերուն դէմ բաց՝
Երազէն վերջ այս ճնշող,
Արշալոյսի անծանօթ խռովքներով լուսատենչ,
Հանդիսատես՝
Վերածնութեան մը վըսեմ։
Ու իմ դիմաց կը շաչեն
Փայլակներով ծիրանի,
Հերոսական ու առոյգ երիտասարդութեամբ հոգեկան
Արքայական նըժոյգներն,
Ըստեղծագործ բոլոր տենդերն յարաճուն
Վերածնութեան մը վըսեմ...
Ճառագայթի ողողում...
Գերիրական պահն է մեծ։
Փա՜ռք արարչութեան անսահման ուժին,
Փա՜ռք աստուածութեան,
Տիեզերական ներդաշնակ ուժին,
Անհուն հրաշքին...
Բիւզանդ Թօփալեան ՀԱՄԱՅՆԱԿԱՆ ՍԷՐ էջ 18
Փարիզ 1950 Puzant Topalian
No comments:
Post a Comment