Նշան Պէշիկթաշլեան: Գետափին Մօտ
Մարմարալոյս զոյգ մը գետեր են թեւերդ՝
Ուր թերթ առ թերթ կրնան ձըգել ամէն բերդ.
Ու ձեռքերդ ալ թեւագետի տէլթաներ՝
Որոնցմէ մին շրթներուս նաւը տանէր
Նեղոսներուդ լուտասներուն մէկ քաղին...
Տիկի՜ն, ներէ', գետափին քով երգողին:
Նշան Պէշիկթաշլեան «ՄԵՆՔ» թիւ 3, եջ 171
20 մայիս 1932
No comments:
Post a Comment