Friday, July 20, 2007

Սոնիա Սանան: քաղաքը









քաղաքը ես եմ

քաղաքը
փչեց մազերուս մէջ
եւ
ես
ծերացայ

-

փշուրի ծափ աչքերուս
անծանօթ միշտ մարմինէս
երազի երդիքներուն անհպելի ժամանակը
օղակ կապած ոտքերուս
բոլոր միակ անգամներուն պէս
կ՛ընթանամ դէպի հերքումը քաղաքին
ուր դուն
իբրեւ անուն ապահով
մայթերուն վրայ
օտարացած քաղաքին
կը կակազես լեզուիս վրայ
ու չես յոգնիր

-

քաղաք
կ՚անցնիս ինձմէ
եւ չես

-

սահմանագնաց փոխակերպումը քաղաքին
ես եմ

ցուցամատի մերկ շարժումով
անունս հինցած
կը սղագրեմ հորիզոնին վրայ ամենախոր
ուր
յոգնութեան մէջ պարտուած
դեռ կը ծծեմ
քարերը բիրտ շէնքերուն
փսփսալով անոնց խուլցած յատակին
բոլոր պարիսպները անցած ժամանակներուն

ինչպէս ուզեցի այս ընթացքը դէպի քանդում
հրահրող մերժումը բոլոր մտերմութիւններուս
բայց դուն
շարունակեցիր մազերուս մէջ խոզանակել
փողոցներուն լացը պոռնիկ
յօրանջը ծոյլ սրճարանին
մինչեւ որ
ճամբաներուն աղմուկը
կռթնեցաւ կոկորդիս
եւ քաղաքը
բացուեցաւ ուրացումիս մէջ

ամէն ինչ
ափ մը ուրիշ եւ միակ

-

ըսէ՛ք ինծի
օթօները կը մեկնի՞ն թէ կը վերադառնան

-

քաղաքը կը ջնջուի եւ ջնջումին մէջ ներկայ
գիշերը կը գոցէ շրջանակը անյայտի
պարապի բերնին՝
մարմինս խոստում տարածութեան,
ուրկէ կը բարձրանայ քարայնացումը քաղաքին
եւ կ՚ընդմիջէ մեկնումը ճամբաներուն
բոլոր շէնքերը անցնող տարիներուն տեւողութիւնը կը բարձրացնեն յարկ յարկ
բոլոր ճամբաները կը տանին դէպի յեղաստեղծումը ներկային
կը փնտռեմ անանուն հասցէ
ըսէ՛ ինծի՝ ես եմ բնակիչը տարիներուդ

-

կը հանգչի աչքերուս լանջերուն
քաղաքը իր անցեալի մերժումին մէջ հաստատուած
ցուցափեղկերը զեխութիւն մը կը ցոլացնեն
մայթերուն հայելիները նուաճելով
կարծես ապակիի այս արձագանգն ըլլար միակ
իմաստը պատերազմին
որուն համար
ցերեկուան եւ գիշերուան գոլորշին խառնուեցաւ ռումբերու հրկիզումին

կը յենիմ մայթեզրի ցօղունին
եւ կը կանչեմ
չարչարուած անունը քաղաքիս

-

եւ ոտքերս ոտքեր չեն առանց քեզի
ոչ ալ ճամբաներդ ճամբայ առանց դոփիւններուն
քայլուածքիս
որ իբրեւ հեւք կը մատուցեմ ես քեզի
բնակելու ախորժակիդ մէջ ցամաք
քաղաք
ե՞րբ փոխեցիր շպարը անունիդ
երկրաչափական խիզախումբ օտարացուց զիս մայթերէդ
եւ ես փնտռեցի ծովը
հակադիր խորութիւնը դիմակիդ
որուն ծոցին մէջ խրած
արմատներդ կը տնկուին
յիշողութիւնդ ջուրերու մոռացութեան խառնելով

-

քարին ծափը հաւաքելով ոտքերուս տակ
մարմինս կը փարի ձայնին քաղաքին
երերացող խօսքը ճամբաներուն շրթունքներս կը ներկէ
փոշին կը նստի թարթիչներուս
կը հագնիմ գոյնզգոյն ստուերը շէնքերուն
եւ թեւերս քաղաքի կամուրջներուն երկարութիւնը կը գրկեն

քաղաքը ես եմ


Copyright Sonia Sanan. This poem has previously appeared in ETTEB.com, the online version of the periodical etteb/Ի Դէպ and is reproduced here by kind permission.

No comments: