Sunday, July 01, 2007

Լեւոն Շանթ: Ժանգը

Գզրոցիս մէջ գրիչս ինկած է հիմա
գրած-ջնջած թղթերուս մէջ ցանուցիր.
ժանգէ պատանք մը աճած է իր վրայ
ու ալ հպարտ չ՚առկայծիր։

Մինչ նայուածքս այդ հին գրչին է յառած,
մէջքս միտք մը զիկզակ կու տայ՝ մի՞ գուցէ
անշարժ կեանքէս զգացումներս ալ յանկարծ
ժանգի խաւ մը գայ գոցէ։



Levon Shant


No comments: