Monday, July 30, 2007

Լեւոն Շանթ: Լուռ

Շուրջս խաւար, հանդարտ ու քուն.
շուք մը անգամ չի դողդղար.
հոն դիմացս շշուկներուն
մահացումն է լիակատար։

Միակ ձայնը իրարու քով
ժամացոյցս ու սիրտս է հո՚ս,
որ կը համրեն պինդ-պինդ զարկով
կեանքիս քայլերն արագահոս։



Levon Shant

No comments: