Սագօ Արեան: Ձմեռ 2007
Ահա եւ ես
Խցանուած գինիի շիշին մէջ.
Լուռ եմ՝ խելօք։
Փակուղի է առջեւս
Ճանապարհները փակուած են կանուխէն
Ու այրած անիւներու գոլորշին կ՚անցնի ռունգերուս։
Կը սրդողիմ մոխիրին առջեւ։
Կը խնդամ վաստակածիս համար։
Հաշիշի վաճառականները,
Տե՛ս պանդոկներէն տուն կը դառնան։
Եւ պոռնիկներդ իմ պոռնիկ քաղաքս,
Քունի կ՛անցնին։
Գիշերը իմ ազատութիւնս է,
Կը պատմէ թութակ մը եւ կը վազէ ետեւէս
Ես կամուրջին վրայ
Կ՛որոնեմ անցեալս...
Այս զգացումները,
18 տարեկանի ճապաղ կարօտներուն չեն նմանիր։
Կը պոռթկամ։
Կը գրոհեմ բառերուն վրայ։
Բառերը կը յարձակին վրաս
Տես քաղաքս...
Ինչքան կը պժգամ քեզմէ...
Ու այնքան կը սիրեմ քեզ։
Կամուրջին տակ երկու բոզեր կը համբուրուին
Վեղարը նետողը թքած ունի խորանիդ վրայ,
Անոր աղօթքը պիտի փշրուի մայթերուդ ,
Ինչ հրաշալի յարութիւն քեզի համար...
Դուն խորանի արգանդ ես։
Դուն լոյսի խորան ես։
Քեզի համար միեւնոյնն է Սրբութիւնը
Եւ անէծքը....
Արեան հետքեր կան աչքերուս,
Ու արցունքի կաթիլները չեն հանդիպիր իրարու։
Ականջներս կարմիր են,
Ես ինձմէ կը վանեմ թոյնը եւ դուն պոռնիկ քաղաքս
Ոտքերդ կը բանաս
Որ հաճոյանայ ամբողջ արեւելքը քեզմով...
Կամուրջներդ կը հազան...
Անձրեւդ աղօթք չի բերեր հետը
Ոչ ալ գինիի արիշները
Կը մաքրուին պատերազմի վէրքերէն։
Անսովոր, անսովոր ձմեռ է ասիկա։
Անսովոր ձմեռ, կարապներդ կը շուարին
Ձիւնդ կ՛ուշանայ
Անուշ առաւօտներդ կը մատնուին մարումի
Կը մարին ծխնիներու յոյսերը
Կը մարին լոյսերը երկա՜՜՜՝աաաար մայրուղիներուդ վրայ։
Մարդիկ նոր տարի չեն տօներ
Երեխաներդ կը պատռեն նուէրներու տուբիկները առանց խինդի...
Ամէն կողմէ կը պաշարեն քեզ
Ու դուն անվայելօրէն որպէս վերջին պոռնիկը սա ժամանակին
Կուզես ըլլալ բոլորին հետ ...
Անսովոր ձմեռ է ասիկա
Կ՚անցնի առանց ցաւի։
Գուցէ անցնի։
Ձայներ կու գան ականջիս
Վառարանը կը ճչայ
Յետոյ բարի ձայն մը կ՚աղմկէ սենեակին մէջ
Աղմուկի անձրեւ
Ինչ անսովոր է ձմեռը այս տարի
Պարտքերս շատ
Երգերս քիչ
Ես տխուր եմ այս ձմեռ
Քայլերս հեռու տեղեր չեն երթար այլեւս
Ու ես բառերուն հետ կատակ չեմ ըներ առաջուան պէս
Կեանքս ծանր է, բայց հոյակապ...
Վառարանի ճիչը
Կը յուզէ փոքր սնապարծութիւնս
Անհաւատութիւնս կ՚եռայ
Ինչ հեթանոս եմ այս ձմեռ,
Սենեակիս պատերէն
Եռամեծ քերթողներուն աղօթքը կը հոսի..
Պատին՝ սկուտեղ, վրան նռնենի նկարած
Կինս հիմա ուր որ է կուգայ
Միրգեր կը շարէ սկուտեղին
Ու ես կ՛երգեմ իրեն համար
Ի՜նչ աներգ ձմեռ է այս տարի,
Զարմանքով կը կարդամ գրական թերթերը...
Տող մ՚իսկ չկայ իմ մասիս
Տեղ մը պառաւ մը աներազ բանաստեղծ է կտրեր,
Տեղ մը Տիկին Սիլվան կը գովերգեն...
Է՜ Սիլվան ուրիշ մարդ էր
Հիմա կը հասկնամ ո՜վ էր Սիլվան,
Միասին կոնեաք ալ խմեցինք,
Ըսաւ որ բարի կենամ
Աստին—անդին
Էնպէս— էսպէս չանեմ
Բայց ես դրուժանօրէն իր էջերը պատռեցի,
Ներսը իրմէ մակագրուած հատորիկ մը կայ
Պարսկական մաքուր բանաստեղծութիւն
Զարմանքով կը նայիմ հատորին
Գինիի տեղ ջուր կը խմեմ
Կը քնանամ
Առաւօտեան Մահմուտ Տահլանի ձայնով արթննալու նորէն,
Տեսնեմ Կազայի վէրքէն ինչքան արիւն հոսեցաւ,
Տեսնեմ Սատտամը ինչ ըսաւ իրենց,
Տեսնեմ Սատտամիկները ինչ կուզեն նորէն
Երէկ գիշեր չքնեցի
Ամբողջ գիշեր Արտեմին գրածները կարդալէն մեռայ,
Ո՜հ ինչ անսովոր է այս ձմեռ,
Որքանէ ի վեր Ալիքեանին պիտ երթամ
Առաջ Վահէն կը գրէր
—Ալիքեանին լաւ նայիր, տղայ
Նայէ Ալիքեանին պէս ուրիշ չունինք
Բայց ինչ ըսեմ բախտիս,
Անոր ճհուտի կինը,
Գլխուս ռուս ըլլալ կը ձեւացնէ,
Չուզեր որ սուրճի երթամ.
Անիծեմ բախտիս
Ալիքեանը կարօստցեր եմ
Գորիսէն միւռոն եմ բերեր,
Թթի արաղ եմ բերեր...
Կինս երեխայի քիթիկին քսեր է,
Որ յանկարծ կրի’ չընկնի
Ո՜հ Ալիքեանի բանաստեղծութիւնը
Հին գինիի պէս անապական
Անարատ արիւն է մէջս
Մէջս ծղրիթներ կան,
Փոսուռաներ գունաւոր,
Ու հրեշտակներ կան թեւերուս
Մեղքերս կը հաշուեն ...
Լաւ որ կինս հրեայ չէ,
Վերջին օրը այդպէս բաժնուեցանք Աւագէն
Ականջիս ըսաւ որ ոնց անեմ
Փասթերնաքն էր Եւրէ,
Շակալն էր Եւրէ,
Ասա Սագ ճան ոնց անեմ...
...
Լաւ որ կինս հրեայ չէ
Արդէն ծերացած հօրս ձեռքէն բռնած,
Անկողին կը տանի
Պապա ոչինչ վաղը կ՚աղէկնաս ըսելով։
.....
Սենեակի երաժշտութիւնը կը մաքրէ հոգիս վտարանդի —մեղաւոր։
Հոգիս՝ մեղսակից գրելու անէծքին...
Ու ես աթոռակին վրայ բազմած,
Մատներս ուժեղ կը զառնեմ ստեղնաշարին
Կը հաւաքեմ գալիք ձմեռուան ուրախութիւնները,
Փայտեր կը հատեմ որ կրակ դնեմ ոգիիս
Մոմեր կը վառեմ խորանին...
Ու կ՚աղօթեմ
Որ ձմեռը սպիտակ, վերջ տայ ցաւիս։
Անսովոր ձմեռ, կարապներդ կը շուարին
Ձիւնդ կ՚ուշանայ
Անուշ առաւօտներդ կը մարին
Կը մարին յոյսերը ծխնիներուն
Կը մարին լոյսերը երկաա՜՜՜աաար մայրուղիներուդ վրայ։
...
Անսովոր ձմեռ է ասիկա
Կ՛անցնի առանց ցաւի։
Գուցէ անցնի։
Սագօ Արեան
Տիկին Սիլվան Նկատի ունիմ Սիլվա Կապուտիկեանը
Մահմուտ Տահլանը Պաղեստինեան «Ֆաթհ» յայտնի շարժումի ղեկավարներէն.
Կազա Պաղեստինեան շրջան.
Արտեմին Նկատի ունիմ Արտեմ Յարութիւնեանը
Ալիքեան Նկատի ունիմ Պէյրութաբնակ տաղանդաւոր բանաստեղծ՝ Աբրահամ Ալիքեանը
Վահէ Բանաստեղծ՝ Վահէ Օշական
Աւագ Ղա’ան ապրող եւ ստեղծագործող՝ Աւագ Եփրեմեան
Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.
No comments:
Post a Comment