Տիգրան Գաբոյեան։ Հալէպ
Հալէպ
………սանձուած էշը մօտեցաւ թաղամասին մեր
ու լուացքը չտեսած արթնցուց
մեծ մօրս ծրագիրները
ակումբիս մէջ պրազիլեան պաստառով պատառիկները
կազմեցին եսս
մանկութենէն շիկացած սհովռի մը համար
անչափաս չարապէսքռին դիմաց
մեքենաս անցաւ
(արտաւազդեան նախշով ու մասիսեան sticker-ով)
հետք թողելու տեղ ու տուն
կոչուած
եւ
չկոչուած
փողոցներուն վրայ
իսլամական աշխարհի մայրաքաղաք
կոշտ բարբառով արաբական
ու աւանդ անկործան
քամահրանքի աստիճանը մագլցող
առանց ժամադրութիւններու
կը փթթի հանրային պարտէզի
նետուածութիւն խմբային
կէդդհոռի տարածքային սնապարծութեամբ
ու խանութային թեյով
ուր տանիքը գիշերն է յաւերժապէս
լքուած առտուներու
բայը խնդրի մակդիր
դէպքը անկատար սողուն
տապը անլուայ սեռ
հայեացքը զրնգուն Մեզափօթամիա
եկեղեցիներու ցուցադրուած թատրոնը
կիրակիի տարազներուն գերին է
մզկիթներու ղեկավարելի քննարկումը
ըլլալռչըլլալու թեթեւութեան հոսք
աղջիկներ
J.Lo-ներ առաքինի
կամ մաքէ ըբռով քարացած մագտալենաներ
տղաք
դասակարգումի կերտիչներ
սերնդափոխութեան ախտերը միշտ կեանքի վերածող
իսկ բոլորը միշտ ազնիւ
չարտատպուած էութեան ժամանակով
կամ անկէ փախած ըլլալու տենչով երբեմնի
հայութիւն
եկեղեցիի պատգամին մասունքները
ցեղասպանութիւն կը ծորին
գալիք դարու արմատները համտեսելու վճիռով
Gucci-ին քրիստոսի վարտիքէն մոլորուած
թել է
մեծ հաւատքով ընդօրինակուած
հայութիւն
հայաստանը կար ու չկար
կամ
կայ ու պիտի ըլլայ
դատովռակումբով ու մարտական
ինքնապաշտպան արշաւանքով
(առանց որեւէ կերպ դաշնակցելու հակառահաբեկչական պայքարին)
եւ արեւմտահայաստան
երբեմն տոհմիկ պար
խօսկապի մը ընթացքին
կամ
անմնացորդ նուիրատուութիւն պարահանդէսի մը մէջ
անձս կը բերեմ
որպէս հօլիուտի չորդեգրուած գաճ
համբուրելու սրբազանի մը աջը
զայն սեպելով Գ.Լուսաւորիչ
իտէալը կը քնանայ դուրս եկած բիբերով
մեծաւորի կամ հարուստի մը
հետքէն պարտուած
իսկ տնային սուրճը
կանձրեւէ բանահիւսութիւն
անբիծ բանբասանքի տեսքով
օրը անմաշ կրկնելի առիթ
գործը աննահանջ զբաղում
ու վախը կոճղ կառավարական անարդարութեան սեմին
ոսկերիչներու թաղի զրոյցներուն առընթեր
հոգեբանութեան զենումը կը հեւայ
ու կանգնած եսը
անկրկնելին
որպէս հոյամողէզ թա’անցիկ
հոյամողէզ հաշուետար շարժին համար
կսպասէ
Հալէպ
Օ
Հալէպ
Տ.Գաբոյեան
No comments:
Post a Comment