Monday, March 24, 2008

Վահէ-Վահեան։ Գարունի ամպ - արեւի երեկոյ

Հանդէս կայ գոյներու կիսաւարտ...
Արեգակն՝ հրեղէն աղջնակ։
Կը դպնի ամպերու քողին տակ.
Հանդէս կայ գոյներու անաւարտ։

Ծառերը յուզումէ կը դողան...
Ձեռք մ՛անտես երակներ կը շոյէ
Անառակ մատներով հոտեւան.
Ծառերը յուզումէ կը դողան։

Տերեւներ մեղեդի մը կու լան...
Ահ ինչո՜ւ նուագն այդ տրտմաձայն...
Լսեցի՞ք դուք հովերն որ անցան...
Տերեւներն մեղեդի մը կու լան։

Երկինքէն դերձաններ կը կախուին,
Քնարի լարերու պէս անթիւ...
Մեղմերանգ մետաքսի պէս նրբին,
Երկինքէն դերձաններ կը կախուին։

Հոգիներ կարօտէ կը մսին...
Ո՞ւր փախաւ աղջնակն հոգոթով,
Աղջնակն արեւշող մարմինով.
Հոգիներ կարօտէ կը մսին...

Վահէ-Վահեան

No comments: