Tuesday, November 25, 2008

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ: ՀՈԳԻՍ

Հիւանդ տերեւ մը տեսայ կանաչին մէջ դաշտերուն,
Ի՜նչ աղուոր էր գարունը, փափուկ հովէն օրօրուն,
Սիրուն խոտերը դաշտին, ծաղիկներն ալ բիւր գոյնով,
Կը խնդային լռելեայն գաղջ արեւին տակ գինով։

Բայց գարնային կենսաւէտ այդ պահին մէջ օրօրուն,
Հիւանդ տերեւ մը տեսայ, կանաչին մէջ դաշտերուն,
Չորցած տե՜րեւ մը նիհար, որ զեփիւռին հպումով,
Մեռելամերձ կը դողար մարգերուն մէջ ակնաթով։

Սիրտս անհուն ցաւով լի, ես հեռացայ սգահար,
Մատներու մէջ առի զայն, ու իր մարմինը նիհար,
Գուրգուրանքով, արցունքով մօտեցուցի շրթունքիս։

Անժամանակ թարշամած գարնան տերեւ մ'է հոգիս,
Ծաղիկներու մէջ կեանքին, զեփիւռին տակ Մայիսի,
Ալ ժպտելու անկարող, ան կը դողայ, կը մսի...

Հիւանդ տերեւ մը տեսայ կանաչին մէջ դաշտերուն...

No comments: