Thursday, January 08, 2009

Մինաս Նուրի։ Լէյլաս

Դեռ կը փնտռեմ, ու չըկաս դուն --.
Թափառելէն դուռնէ ի դուռ,
Մազերս ծաղկեր՝ դարձեր են ձիւն,
Լէյլաս, Լէյլա՜ս, իմ Լէյլաս լուռ,
Դեռ կը փնտռեմ՝ ու չըկաս դուն։


Մինաս Նուրի, «ԱՐԵՒՈՐԴԻ, Փունջ մը՝ Հին եւ Նոր Բանաստեղծութիւններէս»
New York, 1958

No comments: