Վահան Զանոյեան։ ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆՍ
Պատուանդանս տանս մէջ չէ
տունս փոքր է
ոչ ալ բակին մէջ դիմացի
բակն ալ փոքր է
բայց եթէ դուն
մնաս արթուն
գիշերուան փոքր ժամերուն
եւ յանդգնիս նայիլ հեռուն
հորիզոնէն անդին
լոյսին
գուցէ լսես
անհնազանդ
ճիչերն այն լուռ
որ մերժեցին ամէն հրահանգ
որ խախտեցին ամէն օրէնք
ու մատնեցին մեծ շփոթի
գիտունները իրենց օրուան
ըրին այն որ չէր կարելի
հասան հոն ուր չէի՛ն կրնար
եղան այն որ պէտք չէ՜ր ըլլալ...
Եթէ նայիս ուշադրութեամբ
գուցէ տեսնես
ուրուագիծը
իմ ահարկու
հսկայական
պատուանդանիս
խարսխուած հորիզոնին փէշերուն մէջ
ու տարածուած անկէ անդին
մինչեւ անհուն
Այդ ժամերուն
ընդհանրապէս
հոն կը բազմի
հոգիս արբուն...
Եւ հոն կ'ապրին
միանգամայն
ներկան անցեալն ու ապագան
երբ ես հոն եմ
չկայ ուղիղ
չկայ սխալ
յաջող ձախող
չունին իմաստ
Եթէ նայիս
ու չվախնաս
գուցէ տեսնես
պարզութիւնը
այս անսահման
մեծութեան
գուցէ զգաս
մորթիդ վրայ
մեծութիւնը
շշմեցնող այս
պարզութեան...
Եթէ տեսնես
ու չփախչիս
գուցէ դուն ալ
օրուան լոյսով
մա՛հդ ապրիս
վերականգնիս
...ու յայտնուիս
Վահան Զանոյեան
Հոկտեմբեր 2010
No comments:
Post a Comment