Վահան Զանոյեան։ Հրաւէր...
Ի՜նչ վստահութեամբ
հրաւիրեց քեզ...
«...եկէ՛ք ինծի
բոլոր յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ
եւ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ...»
ինծի՜ եկուր...
արձանգանքեց ականջիդ մէջ
եկու՜ր
եկու՜ր
հանգստացի՜ր
հասաւ քեզի
ինքնավստահ Հիւրընկալին
կանչը ուժեղ
...որովհետեւ
յոգնած էիր
բայց քանի որ
դուն այդ պահուն
հանգստութիւն
չէիր բաղձար
չըմբռնեցիր
խորհուրդը այդ հին խոստումին
ու վերջապէս
ընդունեցիր
որ թերեւս հրաւէրը
ղրկուած չէր
քու հասցէիդ
այլ միայն այն
յոգնածներուն
որոնք կ'անցնին համեստ ու հեզ
արդէն մոռցած
նպատակը իրենց բերան
Պատմաբաննե՜ր
կը կոչէիր
դուն գանոնք
պատմաբաննե՜ր
դուք ձեր անկման
խղճալի
մեկնաբաննե՜ր
դուք ձեր թշուառ
պարտութեան
կեանքին կէսը
ձախողելով անցուցիք
եւ միւս կէսը
բացատրելով
բացատրեցի՜ք
դուք անընդհատ բացատրեցի՜ք
ու յուսացիք
արդարացնե՜լ
ու համոզել...
մինչեւ այսօր
երբ վերջապէս
յոգնած էք...
Ու տակաւին
պիտի հարց տաս
ինչու՞ եկար
ու յոգնեցար
յոգնեցուցիր
բեռ կրեցիր
ու բեռ դարձար
ու տանջեցիր
տանջուեցար
բայց հիմա հոս
գլուխդ կախ
հրաժարած
կ'ուզես հանգչիլ
երբ տակաւին
յոգնութիւնդ արդարացնող
ոչ մէկ արդար օր կամ գիշեր
չես վաստակած
ոչ մէկ հաւատք
չես նուաճած
չես փարատած
ոչ մէկ կասկած
չես ստեղծած
ոչ մէկ բարձունք
ոչ մէկ աստուած
Օ՜ դուք հմուտ
մեկնաբաններ
ձախողութեան
գիտէ՞ք արդեօք
եթէ երբեք
ունենայիք
մէ՜կ նուաճում
մէկ յիշարժան
իրագործում
մէ՜կ յաղթանակ
որ թողուր հետք
ու պարզ խօսքով՝
եթէ միայն
յաջողէիք
պահ մը գոնէ
տիրել կեանքին
չէի՜ք յոգներ
չէիք զգար որեւէ բեռ
եւ աւելին՝
թերեւս դուք
Հիւրընկալին հրաւէրը
չէի՜ք լսեր...
Վահան Զանոյեան
Նոյեմբեր 2010
No comments:
Post a Comment