Friday, June 24, 2011

Վահան Զանոյեան։ Հոգիիդ Եզրին...

Արգելափակուած
            գաղտնիքներուդ մէջ
կը նստիս կրկին
հոգիիդ եզրին
ու կը նայիս դուրս
պատնէշէն անդին
այն տարածութեան
որ շատոնց արդէն գէթ քեզի համար
դարձած է օտար
անծանօթ աշխարհ...

Կրնա՞ս ընբռնել
թէ անցեալդ չէ որ կը պատժէ քեզ...

գաղտնիքնե՜րդ են որ
կը կաշկանդեն քեզ
այնքան ատեն որ
տակաւին կ'ապրիս
նոյն սարսափին մէջ
կ'ըստիպես դուն քեզ
անվերջ պաշտպանել
անտեսանելի ուրուականները
զորս կուտակած ես
ընդմէջէն անձեւ
            մղձաւանջներուդ

Գաղտնիքնե՛րդ են որ
կը բանտարկեն քեզ
կը շրջապատեն
հոգիդ հնազանդ
ու չես յանդգնիր
դուրս գալ գէթ մէկ պահ
ամբողջ էութեամբ կը դառնաս պահակ
կը հսկես անխոնջ
ամէն մէկ գաղտնիք պահելու համար
կ'ըստեղծես նորեր
կրկին ու կրկին
ու կը թանձրանայ
քեզ շրջապատող
փշաթելը սեւ

Գաղտնիքնե՜րդ են որ
կ'առանձնացնեն քեզ
ուր որ ալ ըլլաս
ինչ որ ալ զգաս
քեզ սիրողներուն
կամ սիրածներուդ
գրկին մէջ տաքուկ
կը մնաս մինակ
ու կը մենանաս
ամբոխներուն մէջ

Ո՛չ     անցեալդ չէ
            որ կը պատժէ քեզ
անցեալդ արդէն
եզրէն անդին է
            հեռուն
                        մոռցուած...
անցեալդ չէ որ
            կը յիշես այսօր
դուն չունիս յուշեր
ունիս գաղտնիքներ
ու կարծես կեանքդ
ամփոփուած է հո՛ն
            գաղտնիքներուդ մէջ

Արգելափակուած
            գաղտնիքներովդ
կը նստիս կրկին
հոգիիդ եզրին
ու կը նայիս դուրս
պատնէշէն անդին
այդ օտար երկրին
արտասահմանիդ
որ պղտորուելով կ'երկարի անվերջ
ծովերէն անդին
որ քուկդ էր առաջ
ուր մինչեւ այսօր քու հին հետքերդ
            կը մնան դաջուած

բայց այդ ափերէն
չկայ ոչ մէկ հետք
քու հոգիիդ մէջ
եզրէն ներս հիմա
կայ միայն պարիսպ
ու հոն թաքնուած
գաղտնիքնե՜րդ մութ...



Վահան Զանոյեան
Փետրուար 2011

No comments: