Saturday, June 25, 2011

Վահան Զանոյեան։ ...Ու Եզրէն Անդին

 Գաղտնիքներդ են որ
կ'ազատագրեն քեզ...

Կեանքէդ ի՞նչ ունիս
որ դեռ չես բաժնած
ուր չեն մասնակցած
դերակատարներ
չես հրաւիրած
ականատեսներ

ի՞նչն է որ քուկդ է
ու միա՛յն քուկըդ

ու՞ր են գանձերդ
որ պիտի մտնեն հետդ գերեզման
որ պիտի չտաս
պիտի չցրուես
պիտի չթողուս ոչ մէկուն ժառանգ
միակ գանձերը որ պիտի տանիս
ու մահուընէդ ետք
պիտ մնան քեզի...

ինչե՜ր կան պահուած
գանձարանիդ մէջ
քանի՞ գաղտնի սէր
ու քանի՞ խոստում
դեռ քանի՜ սուրբ ուխտ
քանի գողտրիկ պահ
ու ցնցիչ ապրում
եւ քանի հաճոյք
քանի անյագ իղձ
ու քանի ցասում
քանի ներուած մեղք
ու վիրաւորանք
քանի՜ ափսոսանք...

Գաղտնիքնե՛րդ են որ
կ'ազատագրեն քեզ...

պէտք չունիս այդպէս
դիտելու զանոնք
            մեղաւոր սրտով

գաղտնիքներդ են որ
կ'ազատագրեն քեզ...
պաշտպանէ՛ զանոնք
մի՛ ենթարկուիր
խոստովանանքի սուտ խոստումներուն
մի՛ խոստովանիր
մի՛ բացայայտեր
մի՛ յանձներ զանոնք
այդ անդիմագիծ
պիղծ գազաններուն

տկարներու՜նն է
            խոստովանանքը
անոնք որ չունին
ոգին տոկալու
            ոգին ըլլալու՛
եւ ընդունելու
ճակատագիրը իրենց ստեղծած
ծանր սուտերուն
ու գաղտնիքներուն...

կ'ուզեմ որ ապրիս
գաղտնիքներուդ հետ
գաղտնիքներուդ մէջ
գաղտնիքներովդ
կ'ուզեմ որ ըլլան
քու ապաստանդ
քու մենարանդ
կ'ուզեմ որ ըլլան
ոտքիդ կռուանը
կուզեմ որ սիրե՜ս
            քու գաղտնիքներդ
ճիշդ այնպէս ինչպէս
սիրած ես դուն միշտ
ճիշդ այնպէս ինչպէս
սիրած ես մարդիկ
թէկուզ գաղտնաբար
եւ անյուսօրէն
թեկուզ մութին մէջ
            քու երազներուդ
ճիշդ այնպէս ինչպէս
սիրեցիր զանոնք
որոնց դուն երբեք
չհանդիպեցար
որոնց դուն երբեք չկրցար ըսել
թէ ի՜նչ խենդութեամբ
            սիրեցիր զիրենք

Գաղտնիքնե՛րդ են որ
կ'ազատագրեն քեզ...

մանաւանդ հիմա
քու մայրամուտիդ
գաղտնիքներէդ զատ
ի՞նչ ունիս բարի...



Վահան Զանոյեան
Փետրուար 2011

No comments: