Վահան Զանոյեան: ՀԱՐՑՈՒՄԸ
Սխալած ես
իմ սիրելիս
հարցումը չէ՛
«ըլլա՞լ
չըլլա՞լ»
Հանելուկը
որ դուն պէտք է
փորձես լուծել
ա՛յս է միայն:
«Ապրիլ անմեղ
ու կիսկատար
կամ մեղաւոր
ու կատարեալ...»
բարի ճամբա՜յ
Վահան Զանոյեան
Ապրիլ 2011
No comments:
Post a Comment