Հայկանուշ Մառք։ Ինչպէ՞ս
Ինչպէ՞ս սիրեմ զքեզ, սիրելիս
Որ սէրս ըլլայ միշտ տեւական ու տարբեր,
Ինչպէ՞ս սիրեմ զքեզ, իմ հոգիս,
Ոը նմանը չըրած ըլլան ուրիշներ …։
Ինչպէ՞ս, ըսէ՛, երազեմ քեզ որ յոգնած
Չծանրանան աչքերս արթուն ու ցած
Ձայներն չվրդովեն հանգիստ – քուն՝
Երբ մտնեմ քուն ։
Ինչպէ՞ս գգուեմ զքեզ սէրովս րոլոր,
Որ նախանձին սիւքերը, ծիլերն ալ ոլոր ,
Ինչպէ՞ս կազմեմ տարրերը սիրոյս կրակին
Որ հոն բոլոր իղձերս ալ բոբբոքին:
Ինչպէ՞ս ըսեմ թէ չաստուած մ՛ես դուն կամ անկէ
Աւելի վեր,
Հոգի մը վառ կրակէ,
Անձնուէր…
Ինչպէ՞ս սակայն ինչպէ՞ս սիրեմ քեզ, անոյշ սիրական
Որ սա խենթ սէրս ըլլայ յաւէտ տեւական։
«Լոյս», 1904
Հայկանուշ Մառք (1883-1966)
No comments:
Post a Comment