Ռուբէն Սեւակ: Գիշերն իջաւ
Գիշերն իջաւ անամպ, անհուն,
Բիւր բիւրեղէ ի՜նչ նուրբ անուն
Տալ անուրջի այս սուրբ պահուն։
– Ա՜խ, ապրելո՜ւ երջանկութիւն…։
Կ՛անէանայ նաւն հեռակայ,
Լիճն երազ մ’է, կայ ու չըկայ.
Ջուրի շշունջն է լոկ վըկայ,
– Շշնջելո՜ւ երջանկութիւն:
Վերն հազար աստղ, վարն հազար լույս,
Կիսասուերին մէջ հոգեյոյզ
Կը խօսակցին քար, վըտակ, բոյս.
– Ա՜խ, իրերո՜ւ երջանկութիւն…։
Ու կը ձայնյէ մատուռն հստակ.
– Սա ծերունի ծառերուն տակ,
Այս քաղցրութեան մէջ բովանդակ
Քարանալո՜ւ երջանկութիւն…։
1914
No comments:
Post a Comment