ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ։ Վրէժին սերմնացանը
Քե՛զ, ցասումի՛ վայրագ հեղեղ գահավէժ,
Արդարութեան փայփայելի մո՜ւթ հըրէշ,
Խաւարներոու ահե՛ղ ծընունդըդ, վըրէ՛ժ,
Ողջո՜յն. տաղե՜րըս քեզի...։
Մոխրին կու տամ սրտիս վէրքերն ախտագին...։
Ամէնո՛ւն վէրքն, անսահմա՜ն վէրքը ազգին,
Արդարութեան ծարա՛ւը, մահն հաւատքին,
Երգեն տաղե՜րս քեզի...։
Սանձերնին լա՜յն երիվարներ ասպազէն,
Ալիք-ալիք թօթուելով սէգ բաշն ուսէն,
Թող հայրենի աշխարհիս կուրծքն ակօսե՜ն,
Սուրան տաղերս քեզի...։
Ու ես գա՜մ,-- մո՜ւթ շանթերու սերմնացան--
Այդ ակօսէն, ուր արիւններ լճացա՜ն,
Գիշերներով, չար հովերով, ցիրուցա՜ն,
Ցանել տաղե՜րս քեզի...։
Բարէ՜, եթէ այս իմ բազուկս կարեվէ՜ր
Չը սորվեցաւ զարնել...: Գոնէ անվեհե՛ր
Ցանքէս, մահու առաքեալնե՜ր, հսկանե՜ր
Կը ծնին տաղե՜րս քեզի...։
«Կիլիկեան Երգեր», Լօզան, 6 Յուլիս 1909
No comments:
Post a Comment