Thursday, July 02, 2015

Ռուբէն Սեւակ: Չը հասկցուա՜ծ…

Չը հասկցուած երգի կմա՜խք մ´է հոգիս.
Աններդաշնա՜կ, գալարուո՜ղ ճիչ մը վայրի...։
Դո´ւն ապառա՜ժը չես ճանչնար իմ սուգիս,
Ու աչքերուդ երգը կ´երգես ինձ բարի։

Ու երբ զուա՛րթ ամէն բանի կը ժպտիս,
Ես կը փակեմ կոպն աչերուս, որ կ´այրի՝ 
Թափառելո´ւ համար մութին մէջ սրտիս,

Ուր երկիւղած արհաւի՜րքն է քարայրի։

Դա՛ռն յուշքերուս հո՛ն սանդուխներն անկո՛խ, կո՜յս.
Հո՛ն ցաւերուս լիճը որ մու՛թ կը սարսռայ.
Հո՛ն դիտապաստ հէգ հայեացքնե՛րը սիրոյս՝

Կըրանիթի կամարներու ներքեւ ցա՜ծ.
Հո՜ն… Դեռ ինչե՜ր…Զուարթ ա՛ղջիկ, որոնց վրայ
Թէ գիտնայիր՝ պիտի լայի՜ր անկասկած…։

1908

No comments: