Sunday, July 05, 2015

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ։ Մահազգացում

Այսպէ՜ս, այսպէ՜ս... Անուշ, անուշ սիրական
Մօտեցուր մանըր մատներըդ մանկական
Տաք կոպերո՜ւս, տաք կոպերո՜ւս դժոխքին,
Զգո՜յշ, զգո՜յշ, ա՜խ չըլլայ որ բորբոքին:

Կուրծքի՛ս հակէ փոքրիկ գլուխդ յաղթական,
Լսէ՛, դեռ հոն հռնդիւններ, ողբեր կա՛ն,
Լսէ՛, անուշդ իմ սիրական: Ո՜հ, անգին
Արբանք մ՛է այս, որ կը խնկէ իմ հոգին:

Մեռնի՜լ, մեռնի՜լ... անմահանալ մահուան մէջ.
Մեռնի՜լ, գրկիդ գոգն, ա՜յսպէս մեր սէրն անշէջ՝
Անհունին մէջ ծառացընել տիրական...

Մեռնի՜լ... Կու լա՞ս... Կը խորհէի սիրակա՜ն,
Թեւերուդ մէջ քարանալու հաճոյքին,
Քո՜յր, մահանո՜յշ, քոյր, մահազօր, մահագին...

Լօզան, 14 Դեկտ. 1908









No comments: