Յովհաննէս Ասպետ։ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Փակուած խցիկիս մէջ մենաւոր,
Նստած մտորում էի քու վրայով,
Երբոր խորհուրդներ բիւրաւոր,
Անցան սրտիս ընդմէջէն,
Պատելով շուրջս մշուշ մը թոյլ,
Որուն տարտամանքին տակ,
Յանկարծ դուն մեղկ հեշտութեամբ,
Դիւթանքներով յայտնուեցար,
Եւ եկար մօտն իմ հոգւոյն։
Այնքա՝ն մեղմ, այնքա՜ն յուշիկ,
Բուրմունքներով շռայլ շռայլ,
Քու անհուն գգուանքով,
Մշտարծարծօրէն, խելահեղձօրէն,
Վայրկեանին մէջ քու համբոյրը ձօնելու։
Եւ յետոյ յանկարծ նորէն,
Մեղկ հեշտութեամբ,
Հոգւոյս իմ մօտէն,
Այնքա՝ն մեղմ, այնքա՜ն յուշիկ,
Դիւթանքներով փայփայուն,
Քու անհուն գգուանքով,
Մշտարծարծօրէն, խելահեղձօրէն,
Իմ մթագնած հոգւոյս մօտէն,
Լուսարագ վայրկեանին մէջ մեկնեցար։
Այս իրիկուն իմ կիսամութ խցիկիս մէջ,
Քու անցքէդ մարած լապտերիս ճրագը վառեցի,
Որուն փալփլուն լոյսին տակ,
Փնտռ՜եցի զքեզ մինչեւ լոյս արեգակ։
Յովհաննէս Ասպետ
Վերի բանաստեղծութիւնը «Սիրոյ Քնարի» ի մէջ մաս կը կազմէ.
No comments:
Post a Comment