Friday, June 30, 2017

Quote for the month of June 2017

Ձօն 
Անոնց՝ որ ինկան,
բայց չմեռան…


ՈՒԽՏ

Գանակոծուած մեռելներուս քով ծունկի,
Ես՝ վերապրող որբ մը անտէր, ուխտեցի.
Գրել բոլոր չարիքներն այն ահաւոր,
Որ գործուեցան ամէն վայրկեան, ամէն օր։


Ծատուր Պէրպէրեան (1901-1995)

Monday, June 26, 2017

Ծատուր Պէրպէրեան։ Խոստովանանք

Իրիկուն էր , եւ ամէն կողմ լռութիւն,

Խաւար կր տիրէր.
Փողոցն ամբողջ քաղաքին ծոցն անհուն
Հանգիստ, անտարբեր։

Ու ես անվերջ երազներուս հետ այդ օր 
Տրտում, վշտահար, 
Կը քալէի ճամբորդի պէս ուխտաւոր 
Մինակ , մայթէն վար։

Ըստուեր մր յանկարծ խորհրդաւոր, դոդահար,
Այդ ուշ գիշերին'
Դէմըս կեցած սէր ու ադօթք կր կարդայ,
Հոգւոյս տրտմագին։

Հայուհի մ'էր սեւ աչերով, սեւահեր,
Որ այդ իրիկուն,
Անկեղծօրէն իր սէրն ինծի կր յայտնէր 
Սրտով մ'երազուն։

- Եթէ գիտնաս թէ կը սիրեմ որքան քեզ.
Ո՛վ իմ սիրական, 
Կը խորհիմ թէ դուն ալ պիտի զիս սիրես 
Մինչեւ յաւիտեան։

(Մարսիլիա, 1927)

Առաջին անդամ հրատարակուած «Հայ Գիր» ամսապիրին մէջ,
1927ին, Մարսիլիա:

Tuesday, June 20, 2017

Յովհաննէս Ասպետ։ ՁԵՌՔԵՐԸ

1968 Lamorlaye Fr. 


Ձնուած Ժօաննային

Տակաւին իր ձեռքերուն հետքերը,
Իրենց գողտրիկ կերպերուն մէջ հանգիստ,
Հիացիկ ակնարկներուս դէմ լուռ կը նային.
Վերջալոյսին մռայլ լոյսերուն տակ,
Իր սիրոյն ոգիացած պարփակումին մէջ,
Ես նորէն իմ սիրով,
Միայնութեան վիհին մէջ միս մինակ մնացի:

Լճացած առուակին մօտ կայնած,
Ինքնին կ՛երկարէր մտքիս մէջ,
Պահերն երջանիկ յիշատակին.
Անտառապատ բնութեան ծոցին մէջ,
Կու գար յուշիկ ձայն մը յստակ,
Ա՜խ, ինձ կը կանչեր իրե՜ն, իրե՜ն:

Վերջալոյսին ընկրկումին հետ,
Ահաւասիկ նորէն իմ լուռ սենեակիս մէջ,
Իր նկարը՝ ձեռքիս,
Իր թողած անհուն երազը՝ սրտիս,
Թեթեւ իր յուշքին հենած,
Ծնրադիր իմ սիրոյ աղօթքով աղաչագին:

Սիրուած անունը շրթունքներուս վրայ,
Անյապաղ կ՛ուզէի միանալ իրեն,
Ինձ կանչող այդ անյաղթահարելի՜ ձայնին.
Բայց, աւա՜ղ նա լուռ էր ամէնուրեք.
Ո՜հ, իր ձեռքերուն խնամքով տեղաւորուած,
Ամէն մի իր ու թաղար,
Հի՛մա նորէն երազկոտ ակնարկներով ինձ կը նային,
Յապա՜ղ իրենց ոգեցող սքանչելիքներով,
Ընդ միշտ ինձ մղելով իրե՜ն, իրե՜ն,
Ա՜հ, իմ անգին, ո՞ւր ես դուն,
Դուն որ ինձ ձօնեցիր
Քու առաջին համբոյրը սիրոյ:



Յովհաննէս Ասպետ